Վիշտը Ակամայէն Կը Կրկնապատկուի, Երբ Կեանքէն Կը Հեռանան Թանկ Ու Հարազատ Մարդիկ
ՄԱՐԻԱ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ,
ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒՆ, ԱՆՈՐ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԵՐԿՐՊԱԳՈՒՆԵՐՈՒՆ
Խոր ցաւով տեղեկացանք մեր տաղանդաշատ հայրենակից` բեմադրիչ, սենարիստ Մարիա Սահակեանի անժամանակ մահուան մասին:
Դժուար է հաշտուիլ անդառնալի կորուստի հետ: Երբ կեանքէն կը հեռանան թանկ ու հարազատ մարդիկ, որոնք դեռեւս ունէին ապրելու տարիներ, բազում նպատակներ ու ծրագիրներ, ստեղծագործելու եւ արարելու տաղանդ ու ձգտում, վիշտն ակամայէն կը կրկնապատկուի:
Իմ անկեղծ ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ մեր սիրելի հայրենակիցի հարազատներուն, մերձաւորներուն, ընկերներուն:
Մարիայի բարի անունն ու յիշատակը միշտ վառ կը մնան բոլորիս սրտերուն մէջ:
ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ
ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ