ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Շնորհաւորական Նամակը Այնճարի Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի 75-ամեակին Առիթով

ԱՅՆՃԱՐԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՌԱՋ-ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ

ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՍԵԴՐԱԿ  ՀԱՒԱԹԵԱՆԻՆ

ԴՊՐՈՑԻ ՏՆՕՐԷՆ ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆԻՆ

 

Տիա՛րք,

Հպարտութեամբ եւ մեծ սիրով կը շնորհաւորեմ ձեզ Այնճարի Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան ազգային վարժարանի հիմնադրման 75-ամեակին առիթով: Այնճարը Հայաստանէն դուրս կառուցուած փոքրիկ Հայաստան մըն է՝ հայ հերոսներու կառուցած Արծուաբոյնը իր բոլոր կառոյցներով, իսկ Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան 75 ամեայ վարժարանը բազում սերունդներու հայեցի կրթութեան դարբնոցը։

Դպրոցը միշտ պատուով կրած է Շաւարշ Միսաքեանի շունչով օծուած «Յառաջ» ապա արժանաւոր հայու «Կիւլպէնկեան» անունները. փառահեղ կենսագրութիւն ունեցող այս օճախի շրջանաւարտները կրթօճախէն ներս ստացած իրենց հարուստ գիտելիքներով եւ ազգային նկարագիրով փառք ու պատիւ բերած են ոչ միայն հարազատ դպրոցին, այլեւ՝ համայն հայութեան: Անոնցմէ շատեր դարձած են կրթութեան ու մշակոյթի, տարբեր բնագաւառներու նշանաւոր գործիչներ, գրողներ, գործարարներ, զինուորականներ եւ աշխարհի մէջ յայտնի գիտնականներ ու արուեստագէտներ:

Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան ազգային վարժարանը Մերձաւոր Արեւելքի այն կրթօճախներէն մէկն է, ուր լաւագոյնս լուծում կը ստանայ ուսումնառութեան, հայ սերունդներու մարդակերտումի ու հայակերտումի սրբազան գործը. փառք ու պատիւ դպրոցի բոլոր ժամանակներու դպրապետերուն, նուիրեալ-մանկավարժներուն եւ աշակերտներուն:

Սիրելի՛ ուսուցիչներ եւ աշակերտներ,

Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է, որ անցնելով մեծ ճանապարհ` կրթօճախը իր հարուստ պատմութիւնը կը շարունակէ իր անուան արժանավայել յառաջդիմութեամբ՝ իրականացնելով   սերունդներու հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան կարեւոր գործը: Զիս կ’ուրախացնեն նաեւ դպրոցի արտադասարանային  ժամերու ընթացքին իրականացուցած ձեր աշխատանքները, որոնց ընթացքին կը բացայայտուին աշակերտներու ստեղծագործական, մարզական եւ տարբեր ոլորտներու ունակութիւնները:

Յիշողութեանս մէջ տպաւորուած են Այնճար կատարած այցերս, իւրաքանչիւր հայ մեծ հպարտութիւն կ’ապրի`  տեսնելով  տեղի հայութեան կենսունակութիւնը, հիւրընկալութիւնը, հայկական ոգին, այնճարցիի ապրելու, արարելու անկոտրում կամքը, մէկ անգամ եւս հաստատելով յայտնի ճշմարտութիւնը, թէ` Հայը ուր ալ հաստատուի, կը ստեղծէ իր փոքրիկ Հայաստանը:

Յոբելինական այս տարուան ընթացքին, վստահ եմ, որ դպրոցի 75 ամեակէն բացի  մեծ շուքով ու ուրախութեամբ պիտի նշենք նաեւ մեր երկու հանրապետութիւններու անկախութեան 25 ամեակը եւ անկախութեան ցնծութեան շունչը շարունակէք փոխանցել կրթօճախի սաներուն։

Մէկ անգամ եւս կը շնորհաւորեմ դպրոցի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներու ողջ անձնակազմը՝ մաղթելով բեղուն գործունէութիւն, նորանոր նուաճումներ:

Ձեզի կը մաղթեմ անսպառ ուժ եւ կարողութիւն, վաղուայ օրուան հանդէպ` երբեք չխաթարուող հաւատք եւ անկոտրում կամք:

Միշտ Յառա՛ջ…

ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ`

ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

 

 

Scroll Up