ՀՀ սփիւռքի նախարարը շնորհաւորած է Ուեսթպրուքի քաղաքային խորհուրդի անդամ Աննա Աստուածատուրեան-Թուրկոթը

Յարգելի տիկին Աստուածատուրեան-Թուրկոթ,

Կը շորհաւորեմ Ձեզ Ուեսթպրուքի քաղաքային խորհուրդի անդամի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ: Հպարտ ենք, որ Պաքուի ջարդերու պատճառով ԱՄՆ գաղթած մեր հայրենակցուհին մարդկային եւ օրինապաշտ քաղաքացիի իր որակներով, իր պետական եւ քաղաքական գործունէութեամբ գնահատուած է ըստ արժանուոյն եւ օտար հողի վրայ հասած նման յաջողութեան` նուաճելով ոչ միայն հայերու, այլեւ ամերիկացիներու վստահութիւնը:

Յիրաւի, բարձր գնահատանքի արժանի է այն նուիրումը, որմով կ’առաջնորդուիք Ձեր աշխատանքային գործունէութեան իւրաքանչիւր ոլորտին մէջ` թէ որպէս մարդու իրաւունքներու պաշտպան, թէ որպէս գրող, վստահ ենք, որ նոյն կերպ պիտի դրսեւորէք Ձեզ նաեւ որպէս քաղաքային խորհուրդի անդամ:

Գնահատանքի  արժանի  է նաեւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ու հայապահպանութեան ուղղուած Ձեր գործունէութիւնը: Այս նուիրումը բարձր  գնահատուած է հայրենի իշխանութիւններուն կողմէ` Ձեզ շնորհելով պետական բարձրագոյն պարգեւներէն մէկը` «Մովսէս Խորենացի» մետալը:

Ընդունէք մեր սրտագին շնորհաւորանքները: Լիայոյս ենք, որ պաշտօնին ընտրուիլը սկիզբն է Ձեր քաղաքական գործունէութեան եւ այն պիտի դառնայ նոր ձեռքբերումներու եւ նուաճումներու գրաւական:

Կը մաղթենք Ձեզ անսպառ եռանդ ու երկարամեայ բեղուն գործունէութիւն` ի շահ հայ ժողովուրդին եւ ԱՄՆ հայ համայնքին:

Լաւագոյն բարեմաղթանքներով`

ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

Scroll Up