Սիլվա Կապուտիկեանի Բանաստեղծութիւնները Կը Զարդարեն Վլատիմիր Քաղաքի Հանրակառքերը
Յունուար 16-էն մինչեւ մարտ ամիսը ՌԴ Վլատիմիր քաղաքի թիւ 31 հանրակառքը պիտի դառնայ «Գրական»: Հանրակառքը դուրսէն կը զարդարեն գրողներ Սիլվա Կապուտիկեանի, Ռուվիմ Ֆրաերմանի եւ Ռասուլ Գամզատովի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ:
«Հայերն այսօր»-ը,յղում կատարելով «Կոմսոմոլսկայա պրաւդա-Վլատիմիր» պարբերականին կը յայտնէ, որ նախագիծը կ’իրականացուի «Ազգային մշակոյթի մարաթոն. բաց պատուհան» ծրագիրի ծիրէն ներս, որուն նպատակն է ներկայացնել ռուս, հայ, թաթար, դաղստանցի, հրեայ գրողներուն:Հանրակառքի սրահին մէջ ուղեւորներուն համար կը կազմակերպուին գրողներու ստեղծագործութիւններուն նուիրուած մրցոյթ: Հարցերուն ճիշդ պատասխանած ուղեւորները որպէս նուէր կը ստանան վերոնշեալ հեղինակներուն գիրքերը: