Գամիշլիի Մէջ Արժանավայել Հանդիսութեամբ Յիշատակուեցաւ ՀՅԴ 127-Ամեակը

Երկուշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 127-ամեակի տօնակատարութիւնը, ներկայութեամբ Ճեզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեանի, Պատկան Մարմնին, ազգային և բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներու։

Հանդիսավարներ Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան և Խաչիկ Ղուկասեան բացումը յայտարարելով ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Սուրիոյ եւ ՀՀ նահատակներուն յիշատակը։ Ապա ՀՅԴ քայլերգիՆ երգեցողութեամբ յայտագիրը ընթացք առաւ։

Բացման խօսք արտասանեց Խաչիկ Մելքոնեան, որ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան՝ դիտել տալով, որ Դաշնակցութեան երկարակեցութեան գաղտնիքը իր գաղափարախօսութեան ու աշխարհայեացքին մէջ է։ Անոնք յառաջացած են հայ ժողովուրդին պատմութենէն եւ գործի վերածուած են կուսակցութեան ողջ պատմութեան ընթացքին՝ հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին բարօրութեան ի խնդիր» ։

Գեղարուեստական յայտագիրը կ՚ընդգրկէր Ժագ Յակոբեանի բանաստեղծութիւններէն համադրուած ընտրանի մը, որ տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Մեղրի Ասիլեան- Ղուկասեան։

Ատուր Ադամեան հանդիսականները խանդավառեց ազգային- յեղափոխական երգերով, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քրիստափոր Միքայէլեանի։

Օրուան խորհուրդը տուաւ Գրիգոր Թովմասեան։ Ան յայտնեց, թէ «Դաշնակցութիւնը կազմուեցաւ հայ կեանքի, ընկերային կեանքի, յեղափոխական կեանքի մէջ… Դաշնակցութիւնը ամբողջ շրջանի մը պատմութիւնն է, վաստակ մըն է։ Այդ վաստակը կերտուեցաւ փուլ առ փուլ, քայլ առ քայլ և այդ պատմակերտումի տոգորումին մէջ սերունդներ ամբողջ իրենց կեանքը զոհեցին անսպառ։ Ոմանք իրենց մտքի լոյսը տուին, ուրիշներ արիւնը զոհաբերեցին և որքան կը բնորոշենք Դաշնակցութիւնը, այնքան անբնորոշելի կը մնայ ան. ապրող, զարգացող ու զարգացնող երեւոյթ մը…. Դաշնակցութիւնը հերոսներու կերտիչն է, գաղափարական իտէալի մը ջահակիրը, հայ ժողովուրդին ծառան, միաժամանակ անոր կամքի, մտքի, հոգիի յեղափոխութիւնն է»։

Բանախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան 127-ամեակին նուիրուած կարկանդակին հատումը։ Կարկանդակը նուիրուած էր հանգուցեալ ընկերուհի Արաքսի Արմենակեանի յիշատակին, որ որպէս հայ լեզուի ուսուցչուհի և ազգային-յեղափոխական երգերու ուսուցանող ազգային, միեւնոյն ատեն միութենական աշխատանքներու նուիրեալ, տարիներու իր աշխատանքով և աշխոյժ գործունէութեամբ նուիրեալ հայուհիի տիպար մըն էր Գամիշլիի մէջ։

Հանդիսութեան աւարտին հոգշ. հայր սուրբը իր հայրական օրհնութիւններն ու շնորհաւորական խօսքը արտասանեց, որմէ ետք «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով տօնակատարութիւնը հասաւ իր աւարտին։

Scroll Up