Աւելի Քան 600 Ամեայ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան Գանձատունը Հարստացուցած Ազգայիններ Պարգեւատրուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան Շքանշանով

Կիրակի 10 Յունուար 2016-ի առաւօտեան, Հալէպի Ս․Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս․ եւ Անմահ Պատարագին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահան Սրբ․Արք․Սարգիսեան ընթերցեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի «Ծառայութեան Տարուան» նուիրուած սրբատառ կոնդակը։

Յետ Ս․եւ Անմահ Պատարագին, եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․Վարչութեան նախաձեռնութեամբ սուրիահայ 13 ազգայիններ պարգեւատրուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան շքանշանով։

Պարգեւատրման հանդիսութեան բացումը կատարեց Ազգ․ Առաջնորդարանի դիւանապետ Գրիգոր Տունկեան, որ նշեց, թէ նախախնամական զուգադիպութեամբ Ազգային Վարչութեան այս նախաձեռնութիւնը կը համընկնի ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով 2016 տարին «Ծառայութեան Տարի» հռչակելուն։ Այս յարգոյ ներկայութեան առաջ, այսօր ծառայութիւնն է որ պիտի մեծարուի՝ ազգային գործադաշտի զանազան բնագաւառներուն մէջ երկարամեայ վաստակաշատ ազգայիններու անուններով։

Ապա հրաւիրեց Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեանը, Ազգ․ Վարչութեան անդամներ Երկրչ․Տիգրան Պետրոսեանն ու երկրչփհ․ Մարալ Սեմերճեանը, որպէսզի պարգեւատրեն աւելի քան 600 ամեայ Բերիոյ Հայոց Թեմի ծառայութեան գանձատունը հարստացուցած ազգայինները Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան շքանշանով։

Հուսկ, Բերիոյ Հայոց Թեմի ծառայութեան շքանշանով պարգեւատրուեցան հետեւեալ ազգայինները.

1-Գերապատիւ Հայր Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Պէրպէրեան
2-Արժանապատիւ Տէր Յուսիկ Աւագ Քահանայ Սեդրակեան
3-Արժանապատիւ Տէր Մեսրոպ Աւագ Քահանայ Պետրոսեան (Հասիչէ)
4-Տոքթ. Վահէ Սիսեռեան
5-Գէորգ Ապահունի
6-Հռիփ Կանանեան
7-Սարգիս Կիրակոսեան
8-Մանուկ Գանտիլեան (պարգեւատրեալին փոխարէն շքանշանը ստանձնեց իր կողակիցը՝ Վերա Գանտիլեան)
9-Նազելի Ազէզեան (պարգեւատրեալին փոխարէն շքանշանը ստանձնեց իր դուստրը՝ Դոկտ. Հուրի Ազէզեան)
10-Յետ մահու՝ Արամ Պագգալեան (պարգեւատրեալին փոխարէն շքանշանը ստանձնեց իր դուստրը՝ Լորէն Պագգալեան)
11-Սիլվա Ջապաղջուրեան
12-Անժէլ Պօշկէզէնեան
13-Յարութիւն Պարսամեան

Օրուան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեան, որ վեր առնելով ծառայութեան խորհուրդը՝ մէջբերումներ կատարեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակէն, բարձրօրէն գնահատեց ծառայասէր ազգայիններն ու հանդիսականները, որոնք հոծ բազմութեամբ ներկայացած են՝ հաստատելու իրենց հաւատքն ու յարգանքը ազգային ծառայութեան նուիրական գործին։

Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:

Սիրիա1ՍԻրիա2 Սիրիա4Սիրիա5 Սիրիա6Սիրիա7 Սիրիա8Սիրիա9 Սիրիա10Սիրիա11 Սիրիա12Սիրիա13 Սիրիա14

Scroll Up