ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Յունուար 9-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան, Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:
Խորհրդակցութեան մասնակիցները զեկուցեցին նախարարութեան ծրագիրներուն ընթացքին վերաբերեալ, քննարկեցին յառաջիկայ ընելիքներն ու ձեռնարկները:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախարարութեան անունով շնորհաւորեց տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրուելու առիթով:
Նախարարը կարեւոր համարեց երիտասարդական համահայկական ժողովի, լրագրողներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական համաժողովներու, «Իմ Հայաստան» փառատօնի կազմակերպումն ու իրականացումը, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակի, Էրեբունի-Երեւանի 2800-ամեակի տօնակատարութիւններուն Սփիւռքի մասնակցութեան ապահովումը:
Տրուեցան յանձնարարականներ, կազմուեցաւ ժամանակացոյց, նշանակուեցան պատասխանատուներն ու համակարգողները: