Լուսիկ Ագուլեցի` Մեր Պատմական Հայրենիքի Գոյներու Հաւաքական Կերպարը

Հայ արուեստի ու մշակոյթի նուիրեալներու շարքին մէջ իւրայատուկ տեղ ունի նկարչուհի, ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցին, որ  իր` թէ՛ արտաքին նկարագիրով, եւ թէ՛ ներքին հայեցի   էութեամբ ու հմայքով, կարծես մեր պատմութեան, մեր  աւանդոյթներու, մեր  հինաւուրց արմատներու խօսուն վկան է, վաւերագիրը, անձնագիրը, դէպի հայկական բարձրարժէք հոգեւոր  ժառանգութեան  դուռը  տանող ճանապարհն  ու  ոսկէ  բանալին:

Միշտ հաճելի է տեսնել մեր քաղաքին մէջ  հայկական տարազով շրջող տիկին Լուսիկը, որուն կողքով, համոզուած եմ,  ոչ մէկը կրնայ անտարբեր անցնիլ. ան իր իւրայատուկ հագուկապով, արծաթեայ զարդերով կարծես  այլ աշխարհէ  եկած ըլլայ պատմութեան  նշխար,  աշխա՛րհ, որ  անուն ունի` Պատմական Հայաստան: Լուսիկ Ագուլեցին մեր հինաւուրց հայրենիքի հաւաքական կերպարն է, անկէ կարելի է միշտ սորվիլ, անով կարելի է մի՛շտ հպարտանալ, անոր հետ կարելի է մի՛շտ զրուցել եւ լսել այն  բոլոր բացատրութիւնները, որոնք կապ ունին հայկական աւանդական ծէսերու հետ:

…Տաղանդաւոր հայուհիին օրեր առաջ  ընդունեց  ՀՀ սփիւռքի նախարարը, որմէ յետոյ Լուսիկ Ագուլեցին ու անոր շնորհաշատ հարսը` ասմունքող, դերասանուհի Գայեանէ Սամուէլեան, հիւրընկալուեցան նաեւ «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութեան մէջ, ուր,  Ամանորին ընդառաջ,  հետաքրքիր հարցազրոյց մը ունեցայ տիկին Լուսիկի հետ, որ սիրով կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:

 

-Տիկի՛ն Լուսիկ, միշտ ցանկալի է տեսնել, լսել Ձեզ, վայելել Ձեր իւրօրինակ ներկայութիւնը: Կը մօտենայ Ամանորը, գիտեմ, որ Դուք ամէն տարի իւրովի կը պատրաստուիք  այս ցանկալի տօնին, նաեւ մեր հանրութեան եթերէն կը տեղեկացնէք, թէ հայերը ինչպէս  նշած են այդ տօնը. ըսէք, խնդրեմ, թէ ի՞նչ խորհուրդ ունի Ամանորը եւ այս  տարի ինչպէ՞ս կը պատրաստուիք դիմաւորել զայն:

-Նախ` շնորհակալ եմ  ջերմ ընդունելութեան համար. ըսեմ, որ մեր տան մէջ վաղուց աւանդոյթ  դարձած է Ամանորը դիմաւորել բոլոր ծէսերով:  Այն մեր ժողովուրդին կողմէ սիրուած տօներէն մէկն է: Պատմիչ Ագաթանգեղոսը դեռեւս ըսած  է, որ Ամանորը կին  եղած է: Ամանորը հայ դիցաբանութեան մէջ  կը համարուի Վանատուր աստուծոյ կինը: Ամանորը, Նաւասարդը, Կաղանդը հայոց համար համարուած եւ կը համարուին  նոր տարուայ սկիզբ: Ամանորի խորհրդանիշը եղած է խնձորը, որ համարուած է սիրոյ խորհրդանիշ: Մեր  տան մէջ շատ կարեւոր տեղ ունի Կենաց ծառը, այն կեանքի, ապրելու խորհրդանիշն է, որուն վրայ ամէն  տօնի կը կախենք համապատասխան  խաղալիքներ, որոնք նոյնպէս սովորական խաղալիքներ չեն, դարձեալ խորհրդանշական են: Սեղանի վրայ հիմնականին մէջ միրգեր, չրեղէն կ’ըլլան, ընկոյզ, կաղին, շագանակ, աղանձ, հայկական գաթայ, սակայն երիտասարդները, մեր տան  հարսերը կը պատրաստեն նաեւ այլ ուտեստներ` աղցաններ, մսեղէն:

-Մեր ժամանակներուն Ամանորի սեղաններուն ընդունուած է դնել մսեղէն ուտեստներ, սակայն   այդ  ընթացքին  նաեւ  Պահքի շրջանն է…ի՞նչ կ’ըսէք այս առիթով:

-Ըսեմ, որ մինչեւ 20-ական թուականները մեր ժողովուրդը այսպէս Նոր տարի չէ տօնած. մարդիկ պահք  պահած են, ամսուն 6-ին նոր սկսած են մսեղէն  օգտագործել: Մեր  պապերը յունուար 1-ին գերան  դրած են օճախին մէջ, զանազան կերակուրներ  պատրաստած այդ կրակին վրայ, կրակը ծխացած է մինչեւ յունուար 6` Տիրոջ ծննդեան օրը, եւ  ամսու 5-ի երեկոյեան, երբ աւարտած է Պահքի շրջանը,  արդէն կերած են ամէն տեսակի ուտելիքներ: Հիմա ամէն ինչ փոխուած է. ամէն ընտանիք չէ, որ կրնայ պահք պահել: Կան ընտանիքներ, որոնք կը պատրաստեն մսեղէն, սակայն մինչեւ յունուար 5-ի երեկոյեան չեն ուտեր ամէն ինչ, պահք կը պահեն, բայց կը մտածեն նաեւ հիւրերու մասին, որոնցմէ ոչ բոլորը  պահք կը պահեն: Կան ընտանիքներ ալ, որոնք հէ՛նց իրենց համար կը պատրաստեն մսեղէն կերակուրներ, պահք չեն պահեր, սակայն կ’երթան  եկեղեցի, մոմ կը վառեն, աղօթք  կ’ընեն, յունուար 6-ին Տիրոջ ծնունդը կը նշեն: Ես ոչ մէկուն կը քննադատեմ, ամէն մարդ ինքն է իր ապրելակերպի տէրը. ամէնէն կարեւորը հոգիի եւ սրտի մաքրութիւնն է, ազնուութիւնը, բարութիւնը:

-Տիկի՛ն Լուսիկ, Դուք մի՞շտ  այս տարազակերպ էութեամբ ապրած էք, թէ՞ ամուսնանալէ յետոյ…

– 53 տարի է, որ ես այսպիսին եմ. կը կարծեմ, որ հէ՛նց այսպիսին  կերտուած եմ իմ ծննդեան օրէս. իմ տատերէս  կու գայ ատիկա, ամուսնանալէ յետոյ ալ ես միշտ նկարած եմ,  հաւաքած եմ  հին հայկական զարդեր, տարազներ, իմ ծննդավայր Նախիջեւանէն, Ագուլիսէն  60-ականներէն ետք  շարունակ բերած եմ թիւով 1000-ի հասնող որոշ իրեր: Ամուսինս` յայտնի քանադակագործ Եուրա Սամուէլեանը, ինծի միայն աջակցած է այդ գործին մէջ: Ես ամուսնութենէս ետք կրցած եմ աւելի կայանալ բոլոր հարցերուն մէջ:

 -Ձեր հայաշունչ, ազգային ոճով կառուցուած տունը` սկսած դրան մուտքէն, բակէն, ամէն ինչով կը տարբերի ուրիշներու տուներէն: Այն իւրօրինակ ովազիս է մեր քաղաքին մէջ եւ այժմ արդէն դարձած է թանգարան, որո՞ւն գաղափարն էր, ով աջակցութիւն ցուցաբերեց այդ հարցով:

-Այդ գաղափարը ես եւ ամուսինս դեռեւս 60-ականներէն ետք  ունեցած  ենք եւ միշտ կը մտածէինք, որ ատիկա հրաշալի  բան մը պիտի ըլլայ: Չորս տարի առաջ այդ հարցով դիմեցի ՀՀ Մշակոյթի նախկին նախարար Յասմիկ Պօղոսեանին, որոշումը կայացաւ. ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Յասմիկ Պօղոսեանի աջակցութեամբ ստեղծուեցաւ հիմնադրամ, եւ այդ հիմնադրամի միջոցով մեր տունը  դարձաւ թանգարան:

Ձեր կեանքի մեծ մասը ապրած ու ստեղծագործած էք այդ տան մէջ` Ձեր  ամուսնուն`  տաղանդաւոր քանդակագործ Եուրա Սամուէլեանի հետ, մայրացած էք այդ տան մէջ, թոռներ ունեցած, ծոռնիկներ…հիմա այն վեր է ածուած թանգարանի. չէ՞ք կարօտնար:

-Ես հոգիով շատ ամուր  կապուած եմ այդ տան հետ եւ չեմ կտրուիր թանգարանէն. իմ կեանքս, իմ օրս  կապուած է թանգարանին  հետ, ես այնտեղ կը ստեղծագործեմ, կը գրեմ, կը նկարեմ: Հիմա իմ նկարներուս գիրք-ալպոմին վրայ կ’աշխատիմ, որուն մէջ իմ 400 իւղաներկ աշխատանքներս պէտք է ներառուին, նաեւ` «Խօսք` դպրութեան» բաժինը, ուր իմ  խօսքս է` ուղղուած երիտասարդութեան, Նախիջեւան ապրած իմ տարիներուս մասին պիտի ըլլայ գիրքին մէջ: 5 գիրք ունիմ. իմ գիրքերս բովանդակային առումով տարբեր են իրարմէ, ունիմ հայկական տարազներու մասին գիրք, հայկական տօնածէսերու, թանգարանի հաւաքածուի, ամուսնուս` Եուրա Սամուէլեան-մարդուն, արուեստագէտին մասին:

-Վերջին  անգամ  ե՞րբ այցելած էք Ձեր ծննդավայրը…

-1986 թուականին…միշտ կարօտով կը յիշեմ, նաեւ կը տխրիմ, որեւէ վայրկեան չեմ կրնար մոռնալ չքնաղ Նախիջեւանը, Ագուլիսը. ինչպիսի՜  մշակոյթ ունէինք այնտեղ ձեւաւորուած, ինչպիսի՜ նշանաւոր հայեր  տուած է Նախիջեւանը, տատիկս ինչպէ՜ս սորվեցուց այդ ազգին եփել-թափել, կարել-գործել: Ափսո՜ս, հազար ափսոս…ամէն ինչ մնաց  այդ քոչուորներուն: Վերջերս Գանատայի մէջ  գիրք մը հրատարակուած է Նախիջեւան ծնած նշանաւոր հայերու մասին, այդ ցանկին մէջ կայ նաեւ իմ մասիս` որպէս  չքնաղ Նախիջեւանի, Ագուլիսի վերջին մոհիկան:

Կը շարունակէք նկարել, նաեւ ստեղծած էք  Ձեր նկարներու  ցուցասրահը` նոյն տուն-թանգարանին մէջ. այդ հարցով  ո՞վ  Ձեզի  աջակցեցաւ:

-Քաղաքապետարանի աջակցութեամբ եւ մեր թաղապետարանի միջոցներով ստեղծուեցաւ այդ ցուցասրահը, եւ իմ նկարներս մշտապէս կը ցուցադրուին այդ սրահին մէջ, շատ այցելուներ կ’ունենանք թէ՛ նկարներու սրահին մէջ, թէ՛ տուն-թանգարանին մէջ (ատոնք երկուքն ալ նոյն տարածքին մէջ են):

-Կարծեմ` համագործակցութեան կամուրջ կ’ուզէք ստեղծել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ:

-Այո՛, այդ առիթով ալ հիւրընկալուած եմ յարգարժան նախարարին մօտ եւ որոշակի առաջարկութիւններ ըրած, որոնք անպատասխան չմնացին: Կը կարծեմ` մեր համագործակցութիւնը կը ստացուի:

-Տիկի՛ն Լուսիկ, աշակերտներ ունեցա՞ծ էք երբեք` անոնց փոխանցելու Ձեր նկարելու, գործելու, հիւսելու, տարազագիտութեան  արուեստը:

-Աշակերտներ չեմ ունեցած, սակայն իմ կողքիս, ով ապրած է, անպայման բան մը սորված է ինծմէ: Ընդհանրապէս, հայ մարդը շատ ընդունակ է, արարող, ստեղծող, շնորհալի:

-Դուք Պատմական Հայաստանի տարբեր նահանգներու բնորոշ շատ տարազներ  ձեռք բերած էք, ստեղծած. այդ տարազներէն  ո՞ր մէկը   ամէնէն շատ կը սիրէք:

-Բոլորը. ատոնցմէ ամէն մէկը իւրովի գեղեցիկ է, սակայն ամէնէն շատ հիացած եմ մեր  հայ արծաթագործութեամբ;

-Ձեր  տարազներու հաւաքածուն  այլ  երկիրներու  մէջ  ցուցադրուա՞ծ է:

-Ի հարկէ՛: Ցուցադրուած են Գերմանիոյ, Չինաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ…Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով ապրիլ 24-ին մեր տարազներով երթ եղաւ Հռոմի մէջ:

-Կը վաճառէ՞ք  Ձեր հաւաքածուէն  որեւէ  իր, տարազ:

-Ո՛չ, ատոնք մեր ազգային արժէքներն են, ատոնք չի՛ կարելի վաճառել, դուրս տանիլ Հայաստանէն: Եթէ ոեւէ մէկը պատուիրէ նոր տարազ ստեղծել, ատիկա, անշուշտ, կը վաճառեմ: Կը վաճառեմ նաեւ իմ կտաւներէս:

-Իսկ  ի՞նչ  կը նկարէք  այս վերջին տարիներուն:

-Վերջերս աւելի շատ Շուշին  նկարած եմ, այն ինծի համար  հրա՛շք է, գտնուած երազ, շատ նկարած եմ իմ ծննդավայրս, իմ մանկութեան տունս. Ագուլիսը ինծի համար հեքիաթ մնաց:

Տիկի՛ն  Լուսիկ, Ամանորի նախօրերուն ի՞նչ  կը մաղթէք  մեր ժողովուրդին:

-Համբերութիւն եւ գեղեցիկը  տեսնելու ու գնահատելու սէր:

-Շնորհակալութիւ՛ն. մեր նախատօնական շնորհաւորանքները Ձեզի` Ամանորին եւ Սուրբ ծննդեան տօնին ընդառաջ: Ստեղծագործական նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթեմ  Ձեր արուեստակիր ընտանիքի բոլոր անդամներուն, որոնք հայ մշակոյթի ու արուեստի  հոգեւոր մեծ արժէքներու կողքին իրենց  ներդրումը ունին:

Կարինէ Աւագեան

Scroll Up