«Հայրենադարձուելով` Վերարժեւորեցինք Մեր Հայ Ըլլալու Իմաստը».Լիբանանահայ Ընտանիք
«Հայերն այսօր»-ը կը շարունակէ ներկայացնել հայրենադարձներու պատմութիւնները:
Մհեր եւ Ռուբինա Պոյաճեանները 2002 թուականին Հայաստան եկած են Լիբանանէն: Ի հարկէ, սկզբնական շրջանին դժուարութիւններ ունեցած են, սակայն չեն ընկճուած, այլ ժպիտով յաղթահարած են այդ ամէնը եւ առաջ ընթացած:
Անոնք հայրենադարձութեան ամենամեծ պարգեւը իրենց երեխաներու ազգային ինքնութեան պահպանումը կը համարեն: Մեր հայրենակիցները հեշտ ընդելուզուած են հայաստանեան կեանքին` շնորհիւ Մայրենիի իմացութեան եւ արդէն ձեւաւորուած ընկերական շրջապատին, որոնք նեցուկ եղած են անոնց:
Մեզի Հայաստան բերաւ ամուսնուս աշխատանքը
Մհեր Պոյաճեան-ծնած եմ Լիբանան, ուսանած եմ Համազգայինի «Նշան Փալանջեան» ճեմարանին մէջ, աւարտած եմ տեղի համալսարանը:
Քանի մը տարի Լիբանանի մէջ աշխատած եմ, ապա, մինչեւ ամուսնանալս, 2003 թուականին Ստեփանակերտի մէջ աշխատելու առաջարկ ստացած եմ, որմէ ետք երեքուկէս տարի աշխատած եմ Արցախի մէջ, այնուհետեւ` 2005 թուականին, Երեւան վերադարձած եմ արդէն կնոջս` Ռուբինայի հետ` ընտանիք կազմած: Տասնհինգ տարի է, որ Հայաստանի մէջ կ’ապրինք:
Ռուբինա Սերոբեան-լիբանանեան պատերազմի հետեւանքով ծնողներս Կիպրոս գացած են, այն տեղ ալ ծնած եմ: Միջնակարգ կրթութիւնս ստացած եմ Լիբանանի Սուրբ Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ, ապա աւագ դպրոցը շարունակած եմ լիբանանեան դպրոցի մէջ:
Մեր առջինեկը` Սէրլին, ծնած է Պէյրութ. քառասուն օրական էր, երբ Հայաստան եկանք, իսկ երկու տղաներուս` Դաւիթին եւ Հրակին ծննդավայրը Հայաստանն է:
Հայրենադարձուելու հիմնական պատճառը Մհերի աշխատանքն էր, որ ճակատագրական դարձաւ:
Հայաստան ամենաանվտանգ երկիրներէն մէկն է
Մհեր Պոյաճեան-Հայաստան առաջին անգամ եկած եմ 1992 թուականին: Շատ սիրեցի Հայաստան եւ Լիբանան վերադառնալէ ետք կը մտածէի, թէ յաջորդ այցելութիւնս Հայրենիք ինչ առիթով պիտի ըլլայ:
Այն սփիւռքահայերուն համար, որոնց առջեւ Հայաստան վերադառանլու դռները կը բացուին, կը կարծեմ` արդէն իրենց բախտաւոր պէտք է զգան: Ես կրկնակի երջանիկ եմ, քանի որ տղաներս Հայաստանի մէջ ծնած են:
Երբ արձակուրդներուն Լիբանան կ’երթանք, մտքով միշտ Հայաստանի մէջ կ’ըլլանք: Ատիկա կը խօսի այն մասին, որ ընդելուզուելու գործընթացը հեշտ եղաւ մեզի համար: Իմ պարագայիս ատիկա տարբեր ձեւերով արտայայտուած է. այնպիսի ընկերութեան մէջ կ’աշխատիմ, ուր քանի մը սփիւռքահայերով կ’առնչուինք հազարէ աւելի հայաստանցիներու հետ եւ ուզած, թէ չուզած` պէտք է ընդունինք անոնց լաւ ու վատ կողմերը, հասկնանք մտածելակերպն ու աշխարհընկալումը:
Ի վերջոյ, մեր ծննդավայրը ձգելով, օտար երկիր չեկանք. Կը տիրապետէինք լեզուին, արդէն ձեւաւորուած ընկերական շրջապատ ունէի, որոնք ալ հայաստանեան կեանքին հեշտ ներգրաւուելու եւս քայլ մըն էր:
Հայաստանի մէջ առաւել ապահով կը զգանք, յատկապէս` մեր երեխաներրու անվտանգութեան առումով: Տարբեր երկիրներ ճամփորդելով` հասկցած ենք, որ Հայաստան ամենաանվտանգ երկիրներէն մէկն է:
Աննկարագրելի էր յուզումս, երբ Սրբազան լեռը` Արարատը տեսայ
Ռուբինա Սերոբեան-մեր հայրենադարձուելու լուրին ծնողներս շատ ծանր արձագանքեցին. չէին համակերպիր այն մտքին, թէ ինչպէս իրենց աղջիկը Արցախի մէջ պիտի ապրի: Դժուարութեամբ, սակայն կրցայ համոզել իրենց:
Ինծի համար Հայաստան բոլորուին նոր երկիր էր. պատկերացումներս կը սահմանափակուէին միայն Հայաստանի մասին լսած պատմութիւններով, կարդացած գիրքերով եւ լուսանկարներով:
Աննկարագրելի էր յուզումս, երբ առաջին անգամ Յաղթանակի կամուրջին մօտ մեր Սրբազան լեռը` Արարատը տեսնելով, չկրցայ արցունքներս զսպել: Առայսօր, ամէն անգամ այդ վայրով մեքենայով անցնելուս, ակամայէն նոյն զգացողութիւնը կ’ունենամ:
Հայաստանի մէջ լեզուական պատնէշի եւ շատ այլ դժուարութիւններու պատճառով, ի հարկէ, հոգեբանական ճգնաժամ ապրած եմ, սակայն չեմ ընկճուած. մէջս մեծ ուժ գտնելով` պատուով անցած եմ ինծի բաժին հասած փորձութիւններու միջէն եւ սկսած բնականոն կեանքով ապրիլ:
Մինչ այսօր ալ կը շարունակեմ ներքին պայքար մղել ինքզինքիս հետ. կարծես փնտռտուքներու մէջ եմ, որ երբեմն կը խանգարէ զիս գտնել զայն, որ վերջապէս կը ստիպէ հասկնալ, որ Հայաստանի մէջ ես պարզապէս հայ եմ, ոչ թէ` սփիւռքահայ կամ հայաստանցի: Եթէ փորձենք մեր այս տարբերութիւնը առաւելութիւն դարձնել, զիրար լրացնել, այլ ոչ թէ զիրար փոխել, կ’ունենանք այն ամենակարեւոր ուժը, որ մեզի միասնական կը դարձնէ: Ժամանակի եւ ճիշդ աշխատելու հարց է. յոյսով եմ` կ’անցնի:
Մեր երեխաներուն այլեւս ուծացման վտանգ չսպառնար
Մհեր Պոյաճեան-ամենակարեւորը այն է` երեխաներս Հայրենքի մէջ ամրապնդեցին իրենց արմատները: Թէկուզ անոնք յետագային Հայաստանէն երթան այլ երկիր ապրելու, ես համոզուած եմ, որ անոնք կը պահպանեն ազգային դիմագիծը, կը շարունակեն խօսիլ հայերէն եւ ուծացման վտանգը անոնց չսպառնար:
Երբ երեխաներուս պարբերաբար կը հարցնեմ` արդեօք կ’ուզե՞ն Պէյրութ վերադառնալ, հաստատակամօրէն կ’ըսեն` ոչ, քանի որ իրենք այստեղ լաւ կը զգան, կը սիրեն Հայաստանը: Անոնց Հայաստանի տեսարժան, պատմամշակութային վայրեր զբօսանքի կը տանինք, կը ծանօթացնենք մեր երկրի պատմութեան, մեր երեխաները հաճոյքով կը մասնակցին նաեւ դպրոցական շրջագայութիւններուն:
Ռուբինա Սերոբեան-ինչ-որ բան մէջս փոխուեցաւ. իբրեւ հայ` կարծես յեղափոխութիւն կատարուեցաւ ներսս: Ոչ թէ ուրիշներու` Հայաստանի մասին ունեցած տեսակէտին վրայ հիմնուեցայ, այլ սեփական կարծիք ձեւաւորեցի Հայաստանի մասին`վերարժեւորելով հայ ըլլալու իմաստը:
Այնուամենայնիւ, կը կարօտնամ Լիբանան ապրած տարիներս, հայկական միջավայրս, նոյնիսկ` կառոյցներն ու աւանդոյթները: Ամէն անգամ Լիբանան երթալով` անպայման կ’այցելեմ այդ վայրերը:
Հայաստանի մէջ, անշուշտ, կը պահպանենք աւանդոյթները, կը նշենք բոլոր տօները` Ամանորը, Սուրբ Ծնունդը, Սուրբ Զատիկը, Բարեկենդանը, Միջինքը…տօնական կերակուրներ կը պատրաստենք` այդպիսով վերադառնալով մանկութիւն:
Հայաստանի մէջ ամենամեծ ձեռքբերումը Ամերիկեան համալսարանի Անգլերէն եւ հաղորդակցութիւն բաժանմունք ընդունուիլս դարձաւ. այս տարի աւարտեցի համալսարանը: Հայաստան հնարաւորութիւն տուաւ երեխաները մեծցնելուն զուգահեռ` բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ, որ, կը կարծեմ, Լիբանանի մէջ աւելի դժուար կ’ըլլար իրականացնել:
Համալսարանը աւարտելէ ետք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ կամաւոր աշխատելու ցանկութիւն յայտնեցի: Շատ կ’ուզէի մօտէն ծանօթանալ Սփիւռքի նախարարութեան գործելաոճին, իմ կարողութիւններս ու հմտութիւններս կիրառել նախարարութեան աշխատանքներուն, քանի որ կը կարծեմ` այս նախարարութիւնը ինքնութեանս մէկ մասը կը կազմէ: Ինծի բախտ վիճակուեցաւ աշխատիլ Եւրոպայի հայ համայնքերու վարչութեան մէջ, ուր բոլորը ջերմութեամբ կը շրջապատեն զիս:
Դուրսը սկուտեղի վրայ ոչինչ հէնց այնպէս կը մատուցուի
Մհեր Պոյաջեան-ճիշդ է, սկիզբը կը քննադատենք եւ կը մեղադրենք Հայաստան լքող մարդոց, բայց պէտք է հասկնանք, որ անոնք, գուցէ, առաջնահերթութիւնը կու տան աւելի բարեկեցիկ պայմաններով ապրելուն, երիտասարդները կը փորձեն բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ օտար երկիրներու նշանաւոր համալսարաններու մէջ:
Ի հարկէ, գովելի են, այն մարդիկ, որոնք Հայաստանէն չեն հեռանար` անկախ երկրին մէջ առկայ խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն: Պէտք է մեր Հայրենիքը սիրենք թերութիւններով եւ առաւելութիւններով հանդերձ:
Ռուբինա Սերոբեան-ես նոյնպէս չեմ կրնար մեղադրել արտագաղթի ճանապարհը բռնողներուն, բայց սիրտս կը ցաւի անոնց համար:
Սակայն անոնց թող չթուի, թէ դուրսը ամէն ինչ կատարեալ է, որ ամէն ինչ սկուտեղի վրայ հէնց այնպէս պիտի մատուցուի իրենց եւ պիտի գտնեն երազած «դրախտավայրը»:
Անշուշտ, պիտի ունենան դժուարութիւններ, որոնք պէտք է յաղթահարեն. անոնք պէտք է սեփական մաշկի վրայ զգան այդ ամէնը: Եթէ երբեք վերադառնան Հայաստան, այդ ատեն անոնք աւելի կ’արժեւորեն իրենց Հայրենիքը եւ մտահոգ կ’ըլլան զայն շէնացնելու համար:
Կ’ուզենք հայ մարդու դէմքին անհոգութիւն եւ ժպիտ տեսնել
Ռուբինա Սերոբեան-կ’ուզենք Հայաստան մարդաշատ ըլլայ եւ օր առաջ արտագաղթը նուազի, կ’ուզենք փողոցով քալելնուս` հայ մարդու դէմքին անհոգութիւն եւ ժպիտ տեսնել, ոչ թէ` տխրութիւն: Թո՛ղ հայ ժողովորդը բարեկեցիկ, համահաւասար պայմաններու մէջ ապրի եւ ամէնուր արդարութիւն իշխէ` յանուն Հայաստանի եւ հայո՛ւ յարատեւման:
Գէորգ Չիչեան