Ամերիկահայ Բարերար Մանուկ Տէրմէնճեանը Պարգեւատրուած Է ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկէ Յուշամետալով

Արարատի մարզի Նորամարգ համայնքէն ներս դեկտեմբեր 1-ին տեղի  ունեցած է ամերիկահայ բարերար Մանուկ Տէրմէնճեանի կողմէ հիմնովին վերանորոգուած դպրոցի բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ էր նաեւ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, ՀՀ Արարատի մարզպետի տեղակալ Իլեիչ Շատեան, Մասիսի քաղաքապետ Դաւիթ Համբարձումեան եւ այլք: Հիւրերը շրջայց կատարեցին հիմնանորոգուած դպրոցին մէջ, ծանօթացան դպրոցի պայմաններուն: Դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին պարային կատարումներ, ասմունք եւ հայկական խոհանոցի կերակուրներ:

Սերժ Սրապիոնեան ներկաներուն փոխանցեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը` նշելով, որ նախարարը մեծ կարեւորութիւն կու տայ մեր հայրենակիցներու իրականացուցած աշխատանքներուն` յատկապէս Հայաստանի սահմանապահ գիւղերուն մէջ, եւ ապա ըսաւ. «Մենք տպաւորուած ենք բարերարի կատարած գործերով, հայկական ոգով, որի վառ օրինակներից է այս դպրոցի վերանորոգումը, խորապէս շնորհակալ ենք Մանուկ Տէրմէնճեանին` ազգապահպան  գործունէութիւն ծաւալելու համար»:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի հրամանով Սերժ Սրապիոնեան Մանուկ Տէրմէնճեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան յուշամետալով, որ յանձնուեցաւ բարերարի ներկայացուցիչ եւ վստահուած անձ Սուրէն սարկաւագ Գէորգեանին: Արարողութեան ընթացքին բացուեցաւ նաեւ բարերարի մեծմօր` Ագապի Քադեշեանի յուշատախտակը:

 Աւելցնենք, որ բարերարը հիմնովին վերանորոգած է նաեւ Գիւմրիի թիւ 3 օժանդակ դպրոցը եւ կառուցած խաղահրապարակ:

Scroll Up