Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Այցը Կրենոպլի Հայկական Համայնք

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նոյեմբեր 27-ին, Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս, հանդիպած է Կրենոպլ քաղաքի հայկական համայնքային կառոյցներու ղեկավարներու եւ անդամներու հետ:

Հրանոյշ Յակոբեան նախ հանդիպում ունեցած է Կրենոպլի մէջ գործող հայկական ընկերակցութիւններու նախագահներուն հետ, որոնք հակիրճ ներկայացուցած են իրենց գործունէութիւնը, ծրագիրներն ու կատարած աշխատանքները:

Հանդիպման յաջորդած է հայկական մշակոյթի տան հանդիսութիւններու հայաշատ սրահին մէջ կայացած ջերմ ընդունելութիւնը:

Երեկոն իրենց գեղեցիկ կատարումով բացած են հայ մանուկները, որուն յաջորդած է Կրենոպլի մշակոյթի տան նախագահ Սիրանոյշ Խաչատրեանի ողջոյնի խօսքը: Այնուհետեւ ներկաները դիտած են հայկական մշակոյթի տան գործունէութեան մասին պատմող  ֆիլմ:

Իր ելոյթի ընթացքին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կատարած աշխատանքները, 2018 թուականին նախատեսուած ձեռնարկները:

Ելոյթի աւարտին Հրանոյշ Յակոբեան հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած աւանդի համար նախարարութեան շնորհակալագիրներ  յանձնած է մշակոյթի տան ուսուցիչներուն:

Երեկոն եզրափակուած է հիւրասիրութեամբ եւ Սփիւռքին յուզող հարցերու քննարկմամբ:

Scroll Up