ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը Ստորագրուեցաւ
ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ:
Հայաստանի կողմէ զայն ստորագրեց ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան, ԵՄ կողմէ` ԵԽ փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի: Ստորագրման արարողութեան ներկայ էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ ԵԽ նախագահ Տընըլտ Դուսք:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ այժմ Մոկերինի եւ Նալպանտեան հանդէս կու գան մամուլի համար յայտարարութեամբ:
«Անիկա բոլորիս համատեղ յաջողութիւնն է եւ կրնայ դրական նախադէպ դառնալ համագործակցային այլ ծրագիրներու համար»,- նախապէս ունեցած իր ելոյթին ընթացքին ըսած էր ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
ՀՀ նախագահը նաեւ նշած էր, որ 2017 թուականը իրաւամբ կարելի է համարել Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու քառորդդարեայ պատմութեան կարեւոր հանգրուաններէն մէկը, որ նշանաւոր կը դառնայ այսօր` այս գագաթնաժողովին ծիրէն ներս, ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ստորագրումով:
«Անիկա համընդգրկուն փաստաթուղթ է, կ՝արտացոլէ մեր երկկողմ փոխգործակցութեան վերջին շրջանի նշանակալի զարգացումները եւ կը սահմանէ անոնց խորացման համար անհրաժեշտ ուղենիշները:
Այս համաձայնագիրը սոսկ նոր իրաւական փաստաթուղթ չէ, այլ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու վրայ խարսխուած այն արժեհամակարգի արտացոլումն է, որ մենք կը դաւանենք: Համաձայնագիրին հիմքը ժողովրդավարութեան արմատաւորման այնպիսի կարեւոր դրոյթներ են, ինչպէս՝ իրաւունքի գերակայութիւնը, արդարադատութեան ամրապնդումը, պետական եւ հասարակական հիմնարկներու զարգացումը, լաւ կառավարումը: Այս դրոյթները արդիւնաւէտ կեանքի կոչելը կենսական կարեւորութիւն ունի մեր երկրին մէջ յետագայ բարեփոխումները յաջողութեամբ իրականացնելու տեսանկիւնէ»,- ըսած է ան: