Հայ-Լիբանանեան Տնտեսական Համաժողով Պէյրութի ՄԷջ

Պէյրութի մէջ կայացած է հայ-լիբանանեան գործարար համաժողովը, որուն մասնակցած է ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Համաժողովին ներկայ  եղած է Լիբանանի Հանրապետութեան ծրագրաւորման հարցերով պետական նախարար Միշէլ Ֆարաոնը: Համաժողովի աշխատանքներուն մասնակցած են շուրջ 200 գործարարներ Լիբանանէն եւ Հայաստանէն:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն, նախարար Սուրէն Կարայեան իր խօսքին մէջ ընգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնն ունի յստակ մօտեցում Հայաստանի մէջ ներդրումներ իրականցնող գործարարներուն նկատմամբ, այն է` ամբողջական աջակցութիւն ներդրողին:

«Կը ցանկանայի եւս մէկ անգամ շեշտադրել ու վստահեցնել, որ իւրաքանչիւր ներդրումային ծրագրին ցուցաբերւում է ներդրողների կարիքների վրայ հիմնուած մօտեցում` ապահովելով ներդրողներին անհրաժեշտ աջակցութիւն եւ արտօնութիւնների լայն գործիքակազմից առաջարկելով կոնկրէտ ներդրողի համար առաւել արդիւնաւէտ համախումբը», – ըսած է Տնտեսական զարգացման եւ նեդրումներու նախարարը:

«Կարծում եմ, Հայաստանում ստեղծուած բարենպաստ ներդրումային եւ գործարար միջավայրը կարող է լաւագոյնս նպաստել մեր երկրների գործարար համայնքի ներուժի դրսեւորմանը, որը կ’արտայայտուի եւ՛ համատեղ ձեռնարկութիւնների ստեղծմամբ եւ՛ միմեանց արտադրանքի առաջմղմամբ Հայաստանի, Լիբանանի եւ միջազգային այլ խոշոր շուկաներում»,- աւելցուցած է Սուրէն Կարայեան:

Նախարարը պատասխանած է գործարարներուն հետաքրքրող հարցերուն Հայաստանի մէջ գործարար գործունէութիւն ծաւալելու վերաբերեալ:

Պետական կառոյցի ներկայացուցիչներուն, գործարարներուն եւ համաժողովի պատուիրակներուն  ներկայացուած է Հայաստանի ներդրումային եւ գործարար միջավայրը: Զեկոյցով հանդէս  եկած է նաեւ KPMG ընկերութեան Ռուսաստանի ու ԱՊՀ միւս երկիրներու գործընկերներու խորհուրդի անդամ Վիկտոր Ակուլեան` ներկայացնելով ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան հետ աւելի վաղ կնքուած յուշագիրով նախատեսուած Հայաստանի ներդրումային հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ KPMG-ի ուղեցոյցը:

Լիբանանցի ներդրողներուն յատկապէս հետաքրքրած են Հայաստանի ազատ տնտեսական գօտիներու ընձեռած հնաւորութիւնները, ոսկեգործութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտները:

Համաժողովի ընթացքին յուշագիր  ստորագրուած է երկու երկիրներու առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու միջեւ երկկողմ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման եւ գործարար շրջանակներու աշխատանքներու դիւրացման նպատակով:

Մէկ այլ համագործակցութեան յուշագիր  կնքուած է արդիւնաբերական ոլորտին մէջ հայկական եւ լիբանանեան ընկերութիւններու միջեւ:

Կայացած են գործարարներու միջեւ B2B հանդիպումներ:

Scroll Up