Արմէն Աշոտեան Գերմանացի Գործընկերներուն Առաջարկած Է Մասնակցիլ Տէր Զօրի Հայկական Եկեղեցւոյ Վերականգնման Աշխատանքներուն
ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան նոյեմբեր 22-ին ընդունած է ԳԴՀ Պունտեսթակի պատգամաւոր, ԵՄ հարցերով յանձնաժողովի փոխնախագահ, պետա-իրաւական հարցերով յանձնաժողովի անդամ Հերիպերթ Հիրթէն:
Հերիբերթ Հիրթէն Հայաստան այցելած է նոյեմբեր 22-ին Երեւանի մէջ կայացած «Քրիստոնեաներու եւ այլ կրօնական խումբերու անդամներու դէմ ատելութեան շարժառիթով յանցագործութիւններու կանխարգելումը եւ հակազդումը. Հեռանկարներ ԵԱՀԿ-էն եւ անդին» խորագիրով ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ խորհրդաժողովին մասնակցելու նպատակով:
Ողջունելով Հերիպերթ Հիրթէին ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ` Արմէն Աշոտեան կարեւոր համարած է Գերմանիոյ Պունտեսթակի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը` նշելով, որ հայկական կողմը պատրաստ է գործադրելու անհրաժեշտ ջանքեր Պունտեսթակի հետ յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման համար:
ԳԴՀ Պունտեսթակի պատգամաւոր Հերիպերթ Հիրթէն, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, ընդգծած է Հայաստան-Գերմանիա յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը` նշելով, որ պատրաստակամ է գործուն քայլեր ձեռնարկելու երկու երկիրներու միջեւ միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու խթանման համար:
Անդրադառնալով քրիստոնէական համայնքներու խնդիրներուն` մասնաւորապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ՀՀ Աժ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը կարեւորած է հայկական համայնքներու անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ մշակութային ժառանգութիւններու պահպանման հարցերը: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ մտքի, խղճի ազատութեան գերակայութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերուն:
Միջխորհրդարանական համագործակցութեան ծիրէն ներս Արմէն Աշոտեան արժեւորած է երկու պետութիւններու խորհրդարաններուն մէջ բարեկամութեան խումբերու միջեւ արդիւնաւէտ եւ կառուցողական գործունէութիւնը: Ան յոյս յայտնած է, որ հայ-գերմանական միջխորհրդարանական բարեկամական խումբերում չեն ընդգրկուիր այն գերմանացի պատգամաւորները, որոնց անունները կ’առնչուին «ատրպէյճանական լուացքատան» կաշառակերութեան խայտառակութեան հետ:
Հանդիպման ընթացքին Արմէն Աշոտեան կարեւոր համարած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը միջազգային հանրութեան կողմէ` ընդգծելով, որ Ցեղասպանութեան ճիանաչումը քայլ է` կանխելու մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններու իրականացումը:
Արմէն Աշոտեան գերմանացի գործընկերներուն առաջարկած է մասնակցիլ Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքներուն: