Մոսկուայի Մէջ Կայացած Է Հայկ Դարբինեանի «Երգ ՃԷյնի Մասին» Գիրքի Շնորհանդէսը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/հայկ.jpeg)
Նոյեմբեր 19-ին Մոսկուայի գրողներու կեդրոնական տան մէջ, «Հայաստանի մշակոյթի օրերը Ռուսիոյ մէջ» ձեռնարկներու ծիրէն ներս, տեղի ունեցաւ ռուսաստանաբնակ հայազգի գրող Հայկ Դարբինեանի «Երգ ՃԷյնի մասին» (”Песня о Джейн”) գիրքի շնորհանդէսը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Ազնիւ Պարոնեան, Հայկ ծնած է 1989 թ. օգոստոս 27-ին, Երեւանի մէջ: Մասնագիտութեամբ իրաւաբան է: Մոսկուայի գրողներու միութեան անդամ է: Կարճ ժամանակահատուածի մէջ ան կրցած է սիրուիլ ընթերցողներուն կողմէ: Սա Հայկի չորրորդ գիրքն է. անոր գրիչին կը պատկանին «Մահուան ճանապարհ» («Дорога смерти», 2010), «Իմ մարդասպաններու խոստովանութիւնը» («Признания моих убийц», 2012), «Թանկօ ստուերի հետ» («Танго с тенью», 2015):
«Երգ Ճէյնի մասին» գիրքին մէջ սիրոյ յիշողութիւններ են, յոյզեր, անհանգստութիւններ: Գեղագիտական բարձր արժանիքներով այս գիրքին մէջ պահպանուած են վիպականութեան սկզբունքները, բայց միեւնոյն ժամանակ գիրքը յագեցած է սուր հեգնանքով եւ երգիծանքով, որ յատկապէս կը վերաբերի ժամանակակից իրականութեան:
Մոսկուայի գրողներու կեդրոնական տան մէջ գիրքի շնորհանդէսը անցաւ ընթերցողներու, գրողներու եւ գրականութեան սիրահարներու աշխոյժ մասնակցութեամբ: Գիրքի շնորհանդէսին ներկայ էին Հայկի ընտանիքը, Մոսկուայի եւ տարբեր հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ, Մոսկուայի համալսարաններու ուսանողներ եւ դասախօսներ: