Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Ատթըրաուի Հայկական Մշակութային Կենդրոնի Տնօրէնը
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այսօր` նոյեմբեր 3-ին, հանդիպեցաւ Ղազախստանի Աթըրաու մարզի «Տաւրոս» հայկական մշակութային կեդրոնի տնօրէն, գործարար Գագիկ Փլուզեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարարը գոհունակութիւն յայտնեց Աթըրաուի մէջ հայ համայնքին ցուցաբերած օգնութեան համար: Գագիկ Փլուզեան նախարար Յակոբեանին ներկայացուց համայնքին մէջ առկայ որոշ խնդիրներ` մասնաւորապէս որպէս արդիական խնդիր առանձնացուեցաւ Աթըրաուի հայկական մէկօրեայ դպրոցին մէջ ուսուցիչներու պահանջարկի, դասագիրքերու եւ ուսուցողական նիւթերու պակասի հարցը:
Նախարարը յանձնարարեց Սփիւռքի նախարարութեան համապատասխան ստորաբաժանման մէջ կազմակերպել դպրոցական դասագիրքերու, խտասալիկներու տրամադրումը համայնքին: Ինչ կը վերաբերի ուսուցիչներու ոչ բաւարար քանակութեան, ապա նախարարն առաջարկեց լուծման տարբերակներ, որոնցմէ է մանկավարժներու վերապատրաստումը Հայաստանի մէջ:
Հրանոյշ Յակոբեան եւ Գագիկ Փլուզեան քննարկեցին նաեւ Ղազախստանի հայերու հայրենիք վերադառնալու հետ կապուած շարք մը հարցեր: