Շաքէ Մանկասարեան` Ռատիօ «Այգ»-ի Խօսուն Այգաբացներու Պահապան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/10/IMG_5773.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը մշտապէս իր ուշադրութեան ու հոգատարութեան կեդրոնին մէջ կը պահէ օտար ափերու վրայ ազգանպաստ գործունէութիւն ծաւալող մեր հայրենակիցներուն. անոնցմէ մէկուն` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գործող «Այգ» առցանց ձայնասփիւռի հիմնադիր-ղեկավար Շաքէ Մանկասարեանին ՀՀ սփիւռքի նախարարը վերջերս պարգեւատրեց «Մայրենիի դեսպան» մետալով: Արժանաւոր հայուհիին հետ հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ ինծի զրուցելու «Հայերն այսօր»-ի համար. ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնենք այդ հարցազրոյցը:
–Սիրելի՛ Շաքէ, Դուք շատ յաճախ կ’այցելէք Հայրենիք, ուր երբեք հիւր չէք զգար. Դուք մասնակցեցաք Հայաստան–Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին: Խօսինք համագումարէն ունեցած Ձեր տպաւորութիւններուն եւ ակնկալիքներուն մասին. Կը հաւատա՞ք, որ համագումարին կը հետեւին գործնական, արդիւնաւէտ քայլեր:
-Ես մասնակցած եմ երեք համաժողովներու. ամէն համագումար յաջորդող աշխատանքներու սկիզբն է: Բնականաբար, անմիջապէս չեն կրնար շօշափելի արդիւնքներ գրանցուիլ: Նախորդ համաժողովներուն ընթացքին դարձեալ զանազան հարցեր բարձրացուած են, եւ ես կը նկատեմ, որ ինչ-ինչ աշխատանքներ, քայլեր արդէն եղած են, յառաջընթաց կայ: Յոյսով եմ, որ այս համաժողովի արդիւնքները եւս գոհացուցիչ կ’ըլլան: Ըսեմ, որ համաժողովը շատ բարձր մակարդակով կազմակերպուած էր. կարծես հազարաւոր զինուորներ այդ ամէնը կազմակերպած էին, կարգաւորած: Շատ կարեւոր է այս համաժողովի հայահաւաք նշանակութիւնը. այն միասնականութեան խօսուն վկայ եղաւ: Համաժողովը նաեւ համագործակցութեան հրաշալի հարթակ ստեղծեց. շփումներ ունեցանք տարբեր երկիրներէ ժամանած մեր հայրենակիցներուն հետ, կապեր ստեղծեցինք: Առհասարակ, հայահաւաք նշանակութեամբ բոլոր համաժողովները` գրողներու, ճարտարապետներու, սրտաբաններու, ոսկերիչներու, իրաւաբաններու…բոլո՛րն ալ համահայկական միասնականութեան զօրութիւնն ունին. հէ՛նց այդ ժամանակ է, որ աշխարհի նշանաւոր հայ մասնագէտները զիրար կը ճանչնան: Ասոնք թեւեր առնելու, տարածուելու հրաշալի միջոց են. ես ասիկա կ’ըսեմ իմ անունովս` իբրեւ ձայնասփիւռի ղեկավար:
–Որո՞ւն ելոյթը ձեզի համար ամենատպաւորիչն էր:
-Դժուար է պատասխանել այդ հարցին, սակայն, միանշանակ, փայլուն էր Կարօ Փայլանի ելոյթը: Կային, անշուշտ, զանազան թեմաներով շատ լաւ ելոյթներ: Տարբեր խնդիրներ կ’արծարծուէին: Բարձրացուած բոլոր հարցերն ալ շատ կարեւոր էին, կենսական եւ կը պահանջեն մեծ ու հետեւողական աշխատանք, մանաւանդ` Սփիւռքի մէջ հայուն հայ պահելու հարցը: Որ՞ն էր ամենատպաւորիչ ելոյթը…գուցէ նոյն թեմաներու շուրջ լսելը եւ կարդալը ամէնօրեայ մամուլի էջերուն վրայ. մասնակիցը պէտք է ցանկար լսել տեսակէտներու մասին, որոնց շուրջ խորհիլը կամ կիսուիլն առաւել եւս արդիւնաւէտ է: Կը կարծեմ` ելոյթները պէտք է ներկայացուին թուարկուած` 1, 2, 3 եւ գլխաւոր առաջադրանքներով ու լուծումներով, այսինքն ` զեկուցողը կը ներկայացնէ հարցը, ընդհանուր խորագիրը, այնուհետեւ համառօտ կերպով կ’ընդգծէ տուեալ հարցի ներկայ դրոյթը, յետոյ, որպէս բանալի, կը տրուին առաջադրանքներ եւ լուծումներ: Նման բանաձեւեր կը հեշտացնեն փոխքննարկումները եւ մասնագէտներու մասնակցութիւնը, ներգրաւումը տուեալ հարցին: Ես պէտք է առաջարկէի, որ զեկուցող մասնակիցներուն ուղարկուի «Հարցարանի» նման կաղապար, ուր ընդգրկուած կ’ըլլան թեման, խնդիրը, առաջարկներն ու հնարաւոր լուծումները:
–Շաքէ՛, կա՞յ որեւէ հարց, որեւէ խնդիր, որուն կը ցանկաք անդրադարձ կատարուի յաջորդ համաժողովին ընթացքին:
-Այո՛, կ’ուզեմ, որ արեւմտահայերէնի հարցին աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձուի. կարեւոր է, որ տեղեկատուական փաստերը գրառուին նաեւ արեւմտահայերէնով, որ հայաստանեան զանգուածային լրատուամիջոցներու հաղորդումներու շարքերուն տեղ գտնեն արեւմտահայերէնով հաղորդումներ, դպրոցներուն մէջ ուսուցանուի արեւմտահայերէնը, տպագիր մամուլը, ելեկտրոնային պարբերականներն անպայման ունենան արեւմտահայերէնով գրուած նիւթեր, որ չօտարուի մեր դասական հայերէնը, որ չկորսնցնենք այդ չքնաղ լեզուն: Ես ինքս արդէն ՀՀ հանրային ձայնասփիւռով արեւմտահայերէնի հաղորդումներ կը վարեմ:
–Դուք եօթը տարի շարունակ անձնուիրաբար, սեփական միջոցներով կ’աշխատիք «Այգ» ձայնասփիւռին մէջ. ըսէք, խնդրեմ, ի՞նչ նորութիւններ ունիք «Այգ»-ի ծրագիրներուն մէջ:
– Եօթը տարեկան է «Այգ»-ը. այն այսօր Սփիւռքի մէջ գործող վիթխարի ձայնասփիւռներէն մէկն է: Ես հետեւողական եղայ, կապեր հաստատեցի Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռին հետ եւ սիրով կը համագործակցինք: Իմ համագործակցութեան մշտական ու շատ սիրելի օղակը նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնն է: Փակագիծերը բանամ եւ ուրախութեամբ ըսեմ, որ շուտով պէտք է համագործակցինք Վատիկանի ձայնասփիւռին հետ. զրուցած եմ պարոն Կարէն Հալաջեանի հետ, համագործակցութեան հիմքը դրուած է, ապագային կ’ունենանք նաեւ նոր հաղորդաշարեր, երթալով պէտք է տարածուի ու ընդլայնուի մեր գործակցութիւնը: Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի «Կամուրջ» հաղորդաշարն ունի Սփիւռքի ձայն, որուն միջոցով կապի մէջ ենք Սփիւռքի միւս ձայնասփիւռներուն հետ: Մեր հաստատած կապերուն շնորհիւ մեր դիմատետրի էջերուն վրայ կը լուսաբանենք Միջին Արեւելքի, յատկապէս` Սուրիոյ, Հայաստանի եւ միջազգային լուրերը` մասնաւորապէս համագործակցելով արեւմտահայերէնով լրատուական դաշտերու հետ, որոնցմէ լուրեր կը ստանանք մեր ելեկտրոնային նամակներուն միջոցով: Կապեր ունինք Ֆրանսայի «Նոր յառաջ»-ի, Պոլսոյ «Ժամանակ»-ի, Յունաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու լրատուամիջոցներուն հետ: Այդպէս` լուսարձակի տակ կը դնենք նաեւ արեւմտահայերէնով հրատարակուող մամուլի կայքերը, օրինակ` Հալէպի «Գանձասար»-ը, Լիբանանի «Ազդակ»-ը, «Զարթօնք»-ը եւ «Էրեբունի-Անկախ Հայաստան լրատու»-ն, Հայաստանէն` «Եռագոյն»-ը, Յունաստանէն` «Ազատ օր»-ը, Միացեալ Նահանգներէն` «Ասպարէզ»-ը, «Հորիզոն»-ը, «Հայրենիք»-ը: Արեւելեհայերէնով մամուլը նոյնպէս յատուկ տեղ ունի մեր դիմատետրին վրայ, օրինակ` Իրանի «Ալիք»-ը, ՌԴ-էն Մոսկուա քաղաքի «Դէպի Արարատ»-ը եւ հայաստանեան առաջնակարգ մամուլի էջերը: Արցախի լրատուական հաղորդումները մեր ամէնօրեայ եթերով կը վերահեռարձակուին. ուղիղ մէկ տարի է, որ մենք Արցախի լուրերու «Օր» լրատուական հիմնական հաղորդումն ու Արցախի հոգեւոր թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի «Ճշմարիտ ճանապարհ» հոգեւոր հաղորդումը կը հեռարձակենք:
–Խօսինք նաեւ Ռատիօ «Այգ»-ի երաժշտական հաղորդումներուն մասին. Ինչ երաժշտութիւն կը մատուցէ իր ունկնդիրներուն ձեր ռատիոկայանը՞:
-Բարձրաճաշակ երաժշտութիւն` հայկական ժողովրդական-գուսանական երգ ու երաժշտութիւն, ազգագրական, էսդրատային, դասական, համաշխարհային երաժշտութեան լաւագոյն կատարումնեը: Մենք հսկայական, հարուստ ձայնադարան ունինք:
–Սիրելի հայրենակցուհի՛, ձեր նուիրումով ու հետեւողական աշխատանքով հանդերձ`որուն պարտակա՞ն էք 24 ժամ հեռարձակուող «Այգ»–ի անխափան աշխատանքին ու անսպառ ձայնին համար:
-Անկեղծօրէ՛ն պէտք է ըսեմ` կեանքիս ընկերոջ, քանի որ ի՛նքն է իմ յենարանը, ինծի ոգեւորողը, ֆինանսաւորողը. եթէ ինք չհաւատայ հայութեան, հայ ազգի մեծ ներուժին, մշակութային ու հոգեւոր մեծ ժառանգութեան, ապա այդպիսի նուիրում ու աջակցութիւն չունենար իմ գործիս մէջ:
–Դուք ձեր կեանքի ընկերոջն պարտական էք, մենք ալ` ձեզ, որ այրող անապատներու երկրին մէջ կրնաք հնչեցնել հայկական ռատիոյի ձայնը. Կը մաղթեմ, որ«Այգ»–ի բոլոր այգաբացները միշտ լուսաւոր ու տպաւորիչ ըլլան, ապրին հայերէ՛ն, բացուին հայերէ՛ն: Թող «Մայրենիի դեսպա՛ն»–ի պատուաւոր մետալը ձեզ նոր ուժ ու անսահման եռանդ պարգեւէ, բազմապատկէ հայապահպանման գործին մէջ ներդրած ձեր նուիրումը:
…Ահա այսպէս աւարտեցաւ իմ զրոյցս նրբատեսք, փոքրամարմին, սակայն հայոց լեռներէն կորով առած, հայրենիքէն ուժ ստացած այս զօրաւոր, հայրենասէր հայուհիին` Շաքէ Մանկասարեան–Կրոկընի հետ:
Կարինէ Աւագեան