Պաղտատի Մէջ Նշած Են Հայաստանի Անկախութեան 26-Ամեակը

Հովանաւորութեամբ` Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանի, 26 սեպտեմբերի, 2017 թ.ին, Պաղտատի Հայ Երկսեռ երիտասարդաց միութեան մէջ նշած են ՀՀ անկախութեան 26-ամեակը, կազմակերպութեամբ` միութեան Գրական-Գեղարուեստական յանձնախումբին: Այս մասին Հայերն այսօր-ին կը տեղեկացնէ Գայեանէ Սահակեան Պաղտատէն:
Ձեռնարկին` ներկայ եղած են Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպանատան կցորդ պրն Սմբատ Խաչատրեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդը, քոյր միութիւններու վարչութիւնները եւ Հայոց Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնեաները:
Յայտագիրին ընթացքին կատարուած են հայրենիքին նուիրուած բանաստեղծութիւններ, երգեր, նաեւ ցուցադրուած է տեսանիւթ` «ՀՀ Անկախութեան հռչակագիրը եւ Հայաստանն այսօր»:
Ձեռնարկին աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Օրհնութեան խօսք ըսած է: Աւագ Սրբազանը իր խօսքին մէջ կարեւոր համարած է պահպանել ազգի գոյատեւման ազդակները` մայրենի լեզուն, Հայոց եկեղեցին ու վարժարանը: