Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Հանդիպումը Կիպրոսի Նախագահի Արտերկրեայ Եւ Հումանիտար Հարցերով Յանձնակատար Ֆոթիօ Ֆոթիսի հետ
Հոկտեմբեր 20-ին Կիպրոսի նախագահի արտերկրեայ եւ հումանիտար հարցերով յանձնակատարի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի եւ Կիպրոսի նախագահի արտերկրեայ եւ հումանիտար հարցերով յանձնակատար Ֆոթիօ Ֆոթիսի միջեւ երկկողմ հանդիպումը: Ներկայ եղած է նաեւ Կիպրոսի ներկայացուցիչներու պալատին մէջ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են յունիս 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Կիպրոսի նախագահի արտերկրեայ եւ հումանիտար հարցերով յանձնակատարի գրասենեակի միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրէն բխող համագործակցութեան յետագայ հարցերը եւ ընելիքները:
Կողմերը երկուստեք ընդգծեցին Ամերիկայի հայ ազգային կոմիտէի (Արեւելեան տարածաշրջան), Յոյն-ամերիկեան առաջնորդութեան խորհուրդի, Կիպրա-ամերիկեան կազմակերպութիւններու դաշնութեան եւ «Կիպրոսի արդարադատութեան» միջազգային համակարգող խորհուրդի (PSEKA) միջեւ 2016 թ. ապրիլ 9-ին Նիւ Եորքի մէջ ստորագրուած Փոխըմբռնման յուշագիրի կարեւորութիւնը` նշելով, որ ատոնք լաւ հիմքեր ստեղծած են նաեւ այլ երկիրներու մէջ սփիւռքեան համայքներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման առումով: