Պրիւքսէլի ՄԷջ Մեկնարկած Է Եւրոպահայերու 4-րդ Համագումարը. տեսանիւթ
Հոկտեմբեր 18-ին Պրիւքսէլի Հայ տան մէջ կայացած է Եւրոպահայերու 4-րդ համագումարի բացման պաշտօնական արարողութիւնը:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան: Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնած է Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, որոնք կրցած են իրենց ներկայութեամբ պատուել համագումարը:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահը խօսած է չորս տարիներու ընթացքին իրենց կատարած գործունէութեան եւ աշխատանքներուն մասին, որոնք կը վերաբերին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ գործակցութեան, Պելճիքայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան, ջաւախահայութեան հետ տարուող աշխատանքներուն եւ վերջապէս Արցախի հիմնախնդիրի լուծման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն, որոնք ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքներու կիզակէտին են:
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան իր ելոյթի խօսքին մէջ արժեւորած է նման ձեռնարկները, նշելով, որ ատոնք լաւ հարթակ են` քննարկելու համազգային խնդիրները, նախանշելու ատոնց լուծման ուղիներն ու յետագայ ընելիքները, մշակելու եւ իրականացնելու տարբեր ծրագիրներ Սփիւռքի հայկական համայնքներուն, մայր Հայաստանի եւ Արցախի շարունակական զարգացման ու զօրացման ուղղութեամբ:
Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք մշտապէս կը սատարեն Արցախին, կ´ապրին անոր հոգերով, կ´ընեն հնարաւորը տարբեր ատեաններու մէջ Արցախեան հիմնախնդիրը արդարացի ներկայացնելու եւ մեր ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու համար:
Այնուհետեւ Նախագահ Բակօ Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման գործընթացին ունեցած նշանակալի աւանդի համար «Երախտագիտութիւն» մետալ յանձնած է ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.Արամ Ա վեհափառ հայրապետն իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձած է հայ ժողովուրդի ազգային պահանջատիրութեան, որուն հիմքը եւ մեկնակէտը Հայաստանի հզօրացումն է, Արցախի ժողովուրդի անկախ եւ ազատ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութիւնն ու ամրապնդումը, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը իրաւական հարթակ տեղեփոխելու աշխատանքները:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ կարեւոր համարած է քաղաքական, պատմական, ազգային մեծ հնչեղութիւն ունեցող համաժողովի իրականացումը, որուն օրակարգին մէջ պիտի քննարկուին Հայոց ցեղասպանութեան, Արցախի հիմնախնդրին, հայապահպանութեան նուիրուած շատ կարեւոր հարցեր:
Նախարարն անդրադարձած է Եւրոպայի մէջ հաստատուած հայերուն, որոնք անուն եւ պատիւ ձեռք բերած են դեռեւս անյիշելի ժամանակներէ եւ իրենց աւանդը ներդրած նաեւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան զարգացման: Հրանոյշ Յակոբեան խօսած է նաեւ Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ հաստատուած Մխիթարեաններու միաբանութեան, Լիսպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան թանգարանի մասին:
Նախարարն իր ելոյթին մէջ կարեւոր համարած է հայրենադարձութեան հարցը, անդրադարձած հայկական համայնքէն հեռացածներու խնդրին` հայադարձութեան, Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ ընդգծած, որ միասնաբար պէտք է կարենանք հզօրացնել Հայաստանը:
ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշած է, որ իրենք աշխարհով մէկ կը փորձեն աշխատանքներ իրականացնել` ի նպաստ Հայրենիքի հզօրացման եւ ծառայութիւն Հայ դատի:
Համագումարի պաշտօնական բացման արարողութիւնը իր ողջոյնի խօսքով եզրափակած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ֆրանք Էնկելը:
Համագումարի բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք սկսած է «Հայապահպանութիւն` գոյատեւման հիմնական ազդակ» խորագիրով նիստը, որուն ընթացքին պիտի բանախօսեն ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ատենադպիր, Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ վարժարանի հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատու Մհեր Գարագաշեան, Կիպրոսի Մելքոնեան եւ Փարիզի Հրանդ Տինք վարժարաններու Հայերէն լեզուի դասաւանդման պատասխանատու, մանկավարժ Կարապետ Տաքէսեան, Յունաստանի Հայ Կապոյտ խաչի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Ազգային վարժարանի նախկին տնօրէն Միհրան Քիւրտօղլեան: Նիստը պիտի վարէ Համազգայինի կեդրոնական վարչութէան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան:
Աւելցնենք, որ համագումարը պիտի անդրադառնայ 4 կարեւոր թեմաներու` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պահանջատիրական պայքարին, Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին, Հայաստան-Եւրոմիութիւն երկկողմանի յարաբերութիւններուն, Հայապահպանութեան խնդիրներուն: