ՀՀ Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Արթուր Խաչատրեանը

Հոկտեմբեր 12-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՌԴ Քամչատկայի հայ համայնքի ղեկավար Արթուր Խաչատրեանը:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց համայնքային գործիչի աշխոյժ, հայրենանուէր գործունէութիւնը:

Արթուր Խաչատրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ մշտապէս պատրաստ է Հայրենիքի կողքին ըլլալու: Ան իր իսկ նախաձեռնութեամբ գնած է մէկ ԼԱԶ մակնիշի հանրակառք եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման ծիրէն ներս կը պատրաստուի այն նուիրել Արցախին:

 

 

Scroll Up