«Որ Հայաստանի ՄԷջ Բոլորը Լսեն» Ծրագիրի Ներկայացուցիչները Հիւրընկալուեցան Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Հոկտեմբեր 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ամերիկահայ գործիչներ, լսողական սարքերու արդիւնաբերող ամերիկեան Սթարկի (Starkey) ընկերութեան «Որ աշխարհը լսէ» միջազգային բարեգործական ծրագիրի բարերար եւ խորհրդատու տէր եւ տիկին Արմէն եւ Հայկուհի Գաւուքչեանները, ծրագիրի հայաստանեան առաքելութեան («Որ Հայաստանի մէջ բոլորը լսեն») ղեկավար Թրեւր Թրնըրը, համակարգող Լիանա Սահակեանը եւ ամերիկահայ բարերար, ծրագիրի աջակից Նորա Եակուբեանը:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը բարձր գնահատեց Հայաստանի մէջ ծրագիրի իրականացման ուղղուած Լոս Անճելըս բնակող Գաւուքչեան ընտանիքի ջանքերը: Նախարարը կարեւոր համարեց հայրենիքին աջակցելու, առողջապահական նման առաջնային խնդիր մը համալիր կերպով լուծելու անոնց նախաձեռնութիւնը եւ համագործակցութիւնը «Արաբկիր» Միացեալ մանկական բարեգործական հիմնադրամին հետ: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ մեր հայրենակիցները կարողանում են ինտէգրուել, կայանալ եւ իրենց կապերն ու հնարաւորութիւնները, փորձն ու գիտելիքները ներդնել հայրենիքի զարգացման գործում: Սիրելի Արմէն եւ Հայկուհի, ձեր ընտանիքը փայլուն օրինակ է, գիտեմ որ այս լայնամասշտաբ, սրտառուչ ծրագիրը իրականութիւն է դարձել նախ եւ առաջ ձեր մեծ ցանկութեան, աշխատանքի ու նուիրումի շնորհիւ, գիտեմ նաեւ, որ յատուկ ծրագրի մեկնարկին մասնակցելու նպատակով Հայաստան են գալու նաեւ ձեր չորս որդիները, եւ վստահ եմ, որ նրանք եւս շարունակելու են ձեր սկսած գործը, քայլելու են հայրենիքին սատար կանգնելու ձեր բացած ճանապարհով: Իմ խորին երախտագիտութիւնն եմ յայտնում ձեր ընտանիքին, ինչպէս նաեւ ընկերութեան հիմնադիր-ղեկավար Պիլ Ասթնին եւ այս հրաշալի երիտասարդին` Թրեւր Թրնըրին, ով այնքան է սիրել մեր երկիրը, որ արդէն հայերէն է խօսում, եւ լինելով ծրագրի միջազգային առաքելութեան համակարգողը, ցանկացել է գալ եւ անձամբ ղեկավարել « «Որ Հայաստանում բոլորը լսեն» ծրագիրը: Իսկ Հայաստանը լսում, բարձր է գնահատում ու սիրում է Պիլ Ասթնի նման մարդասէր բարերարներին, Թրեւրի նման Հայաստանի սիրահարներին ու նրանց համարում է իր զաւակները: Մեր ժողովրդի համար բարեկամութիւնը բարձրագոյն արժէք է, մենք գթասրտութիւնն ընդունում ենք սիրով ու երախտագիտութեամբ եւ փոխհատուցելու պատրաստակամութեամբ: Ուզում եմ առանձնակի իմ երախտիքի խօսքը փոխանցէք անգամ Հայաստանի տեղը չիմացող այն ամերիկացի բարերարին, ով 125 000 տոլար է նուիրել «Որ Հայաստանում բոլորը լսեն» ծրագրին»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Հայկուհի Գաւուքչեան նշեց, որ այս անգամ Հայրենի հողի վրայ ոտք դնելն այլ զգացումով համակած է, այդքան հայրենակիցներու լսելու խնդրի լուծման աջակցելու միտքը հանգստութուն, ու բացառիկ յուզմունք պատճառած է զոյգին:
Արմէն Գաւուքչեան կարեւոր նկատեց նաեւ համայնքի աջակցութիւնը, որ կազմակերպուած էր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ: Ան նշեց, որ 2015թ. Գաւուքչեան ընտանիքի նախաձեռնութեամբ լսողական սարքերու արդիւնաբերող ամերիկեան հանրայայտ Սթարկի (Starkey) ընկերութիւնը, համագործակցելով «Արաբկիր» Միացեալ մանկական բարեգործական հիմնադրամին հետ, Հայաստանի մէջ սկիզբ դրաւ բարեգործական ծրագիրի մը, որուն նպատակն է կարիքաւոր անձանց ապահովել յատուկ լսողական սարքերով: Մինչ այժմ իրականացուած է առաջին փուլը` յայտնաբերուած են կարիքաւոր անձիք, հետազօտուած է անոնց լսողութիւնը, կատարուած է սարքերու կաղապարներու չափում եւ այլն, այժմ խումբը կեանքի կը կոչէ երկրորդ կարեւոր հատուածը հոկտեմբեր 15-17 Երեւանի Մարզահամերգային համալիրին մէջ ԱՄՆ-էն եւ Մեծ Բրիտանիայէն ժամանած մասնագէտները պիտի տեղադրեն լսողական սարքեր, Ծրագրին մասնակցելու համար իր անձնական ինքնաթիռով Երեւան պիտի ժամանէ Սթարկի լսողական արհեստագիտութիւններու ընկերութեան հիմնադիր-նախագահ Պիլ Ասթնը: Ծրագրին կը մասնակցին սոցիալապէս անապահով 1800 շահառուներ:
Հայաստանեան առաքելութեան համակարգող Լիանա Սահակեան նշեց, որ Սթարկի ընկերութիւնն ու Սթարկի լսողութեան հիմնադրամը առաքելութիւնն իրականացուցած են աշխարհի 106 երկիրներու մէջ, որոնցմէ 52-ը կը կրէ շարունակական բնոյթ: Հայաստան պիտի ըլլայ թիւով 107-ը, եթէ «Որ Հայաստանի մէջ բոլորը լսեն» ծրագիրը յաջող ընթանայ` այն նոյնպէս պիտի ըլլայ շարունակական եւ կայուն: Ծրագիրը մեկնարկած է Երեւանի մէջ, Շիրակի, Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ, կը նախատեսուի յետագային իրականացնել նաեւ մնացած մարզերուն եւ Արցախի մէջ: Կազմակերպուած է բոլոր շահառուներու տեղափոխումը մարզերէն Երեւան: