Քաշաթաղի ՄԷջ Մերձարեւադարձային Միրգերու Աճեցման Յաջողուած Փորձի Պտուղները Ներկայացուած Են Բերքի Տօնին

Հոկտեմբեր 8-ին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կայացած Գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան նուիրուած «Բերքի տօն»-ին ներկայացուած են Քաշաթաղի շրջանի Քաշունիք համայնքին մէջ մերձարեւադարձային միրգերու աճեցման յաջողուած փորձի պտուղները:

«Արցախպրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին Քաշունիք համայնքի ղեկավար Լեւոն Մովսիսեան ըսած է, որ օտար միրգերէն առաջինի` քիուանոյի սերմերը, որուն հայրենիքն Ափրիկէն է, բերուած են արտերկրէն:

Անսովոր եւ տարօրինակ միրգը նման է վարունգի, ունի փշածածկ տիրոյթ: Քիուանոյի միջուկը վառ կանաչ ժելէանման զանգուած է` վարունգի եւ սեխի նման սերմերով: Քիուանոն կ’օգտագործեն ինչպէս հում, այնպէս ալ մարինացուած տարբերակով: Այն թթու կը դնեն, կը պատրաստեն մրգանուշներ: Բոյսի մշակման մասին առաւել լայն տեղեկատուութիւն, ըստ համայնքի ղեկավարին, գիւղացիները ստացած են համացանցէն:

«Փորձը յաջողութիւն ունեցած է եւ այժմ մշակողները այլ տեսականիներ  կը փորձարկեն, որոնց առաջին արդիւնքները դրական են»,- ըսած է Լ. Մովսիսեան եւ աւելցուցած, որ վայրը նպաստաւոր է` եղանակային պայմաններու առումով:

 

Scroll Up