Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Գանատահայ Գործիչ Սուրէն Հաճեանը
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց գանատահայ գործիչ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Գանատայի յանձնախումբի անդամ Սուրէն Հաճեանը եւ ճարտարապետ Պետրոս Ապաճեանը:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրէն Հաճեանին Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին մասնակցելու եւ իր ծաւալած ազգանպաստ գործունէութեան համար, կարեւոր համարեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները Գանատայի մէջ պատշաճ կազմակերպելն ու Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները:
Քննարկուեցան համաժողովին մէջ արծարծուած խնդիրները:
Այնուհետեւ Սուրէն Հաճեան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին փոխանցեց յատուկ համաժողովի առիթով ամերիկահայ գեղանկարիչ Էմմա Գրիգորեանի նուիրած կտաւը: Ամերիկաբնակ նկարիչի անհատական ցուցահանդէսի բացումը տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր 16-ին, Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ճոն Փաշալեան սրահին մէջ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արքեպիսկոպոս Չօլոյեանի հովանիի ներքոյ: