Ամերիկաբնակ Հայ Արուեստագէտները Հիւրընկալուեցան Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/10/նախարար.jpg)
Հոկտեմբեր 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը հիւրընկալեց ամերիկահայ արուեստագէտներ Յասմիկ Զալեանը, Անահիտ Ներսիսեանը եւ Սոնա Վանը:
Ողջունելով հիւրերը` Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց արուեստագէտներու հայապահպան գործունէութիւնը եւ նուիրումը հայ մշակոյթին: «Հայ ինքնութիւնը, մշակոյթը մեր ոգին են, լինելիութեան անձնագիրը, եւ դուք աշխարհի հեռաւոր անկիւններից մէկում` Լոս Անճելըսում, նպաստում էք հայապահպանութեանը, հայ մշակոյթի հանրահռչակմանը, հայկական հզօր համայնքի համախմբմանը հայ մշակոյթի շուրջ: Այսօր Արամ Խաչատրեան համերգասրահում Յասմիկ Զալեանի նախաձեռնութեամբ տեղի կ’ունենայ «Բա՛ց գիրկդ, երկի՛ր, քեզ մօտ եմ գալիս» խորագրով համերգը, որի ընթացքում ելոյթ կ’ունենան ամերիաբնակ հայ երգիչներ Պապին Պօղոսեանը, Սալբի Մայիլեանը, Էմմա Թովմասեանը, Հերմինէ Ամիրեանը, Արմինէ Յովհաննիսեանը: Նրանք իրենց հիասքանչ կատարումով հանդէս եկան նաեւ «Նաիրի» համահայկական փառատօնի ընթացքում»,-նշեց Հրանոյշ Յակոբեան:
Սփիւռքի նախարարը Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ ներդրումին, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործին մեծ աւանդ ունենալու համար արտադրող Յասմիկ Զալեանին պարգեւատրեց ՀՀ ՍՆ ոսկէ մետալով: Սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներով պարգեւատրուեցան նաեւ արուեստագէտներ Պապին Պօղոսեան, Սալբի Մայիլեան, Էմմա Թովմասեան, Հերմինէ Ամիրեան, Արմինէ Յովհաննիսեան:
Երգչուհի Յասմիկ Զալեան շնորհակալութիւն յայտնեց պարգեւի համար եւ նշեց. «Ասիկա կեանքիս ամենամեծ նուէրն է, որ երբեք չեմ մոռնար»:
Բանաստեղծուհի Սոնա Վանը իր խօսքին մէջ ընդգծեց. «Ուրախ եմ այստեղ գտնուելու համար, քանի որ կը տեսնեմ, թէ ինչպէս իւրաքանչիւրիդ մէջ կ’ապրի Հայրենիքի ոգին, Հայաստանին ծառայելու պատրաստակամութիւնը: Կը շնորհաւորեմ քեզի, սիրելի՛ Յասմիկ, ես քեզի կը համարեմ մեր օրերու լաւագոյն հայ արտադրողներէն մէկը, որ կրնայ տեսնել, նկատել երիտասարդ, տաղանդաւոր հայ մարդոց, գնահատել անոնց աշխատանքը եւ ստեղծել պայմաններ, որ անոնք ելոյթ ունենան, ներկայացնեն հայ երգը ամբողջ աշխարհի մէջ»:
Հանդիպման աւարտին օփերայի երգչուհի Անահիտ Ներսիսեան կատարեց երգահան Աշոտ Սաթեանի ստեղծագործութիւններէն: