Աստուածահաճոյ Նախաձեռնութիւն. Պուլկարահայ Երիտասարդ Գործարարը Երեւանի ՄԷջ Կազմակերպած Է Պետիկ Պետրոսեանի Նկարներու Ցուցահանդէսը

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքէն հիւրընկալուած  երիտասարդ հայ գործարար Գէորգ Գրիգորեան  գեղեցիկ առաքելութեամբ մը եկած է  հայրենիք, այն է` պուլկարահայ նկարիչ Պետիկ Պետրոսեանի նկարներու ցուցահանդէսի կազմակերպումը: Այդ առիթով «Հայերն այսօր»-ի համար փոքրիկ հարցազրոյց մը ունեցայ   Գէորգին  հետ, որ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:

էո՛րգ, Դուք գործարար էք, ի՞նչ առնչութիւն ունիք նկարիչ  Պետիկ Պետրոսեանի  նկարներու ցուցահանդէսին հետ:

-Այո՛, ես գործարար եմ, կ’աշխատիմ «Ագրիք-Պուլկարիա» կազմակերպութեան մէջ,  որուն գործադիր տնօրէնն եմ, կ’արտադրենք եւ արտերկիր  կ’ուղարկենք ցորեն, եգիպտացորեն: Ծնած եմ Պուլկարիոյ մէջ, Եղեռնէն մազապուրծ հայերու սերունդէ եմ: Նախնիներս Քայզերիէն  Պոլսէն են: Ծնելով ու ապրելով Սփիւռքի մէջ` ես երբեք չեմ մոռցած իմ ծագմանս, արմատներուս մասին: Տարին երկու անգամ կու գամ Հայաստան: Ապրելով Վառնա` մանուկ հասակիս  շատ գացած եմ Սիլիստրա քաղաք եւ դպրոցական արձակուրդներս անցուցած նկարիչ, մեծ մօրս քրոջ ամուսնուն` Պետիկ Պետրոսեանի տունը: Շատ տարիներ անցած են այդ երջանիկ  օրերէն, ու ես որոշած եմ Հայրենիքի մէջ կազմակերպել երջանկայիշատակ (1912-1989թթ.) Պետիկ Պետրոսեանի նկարներու ցուցահանդէսը. ատիկա տեսակ մը հոգիի պարտք կը համարեմ այդ մեծ մարդուն եւ տաղանդաւոր նկարիչին յիշատակին հանդէպ: Մայրաքաղաքի ազգային պատկերասրահին մէջ` «Նաւամատոյցներ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, կը ներկայացուին Պետիկ Պետրոսեանի գեղանկարչական եւ գծագրական 100 աշխատանքները, որոնք կը ներկայացնեն Հայաստանի, Սիլիստրայի, Պալչիկի, Տոպրուճայի, Պազարչիկի, Թութրականի, Տոպրիչի  գեղատեսիլ վայրերը: Ատոնք բնանկարներ են, ծովային տեսարաններ: Պիտի ցուցադրուի նաեւ մէկ սրբապատկեր եւ եկեղեցւոյ զարդապատկերներու վերատպութիւններ:  Ներկայացուող աշխատանքներուն շարքին ներառուած են ընտանիքին պատկանող գործեր, Սոֆիայի պատկերասրահի, Սիլիստրայի, Վառնայի, Փլովտիւի եւ այլ քաղաքներու  պատկերասրահներու հաւաքածուներ:

– Պետիկ Պետրոսեանը, որքանով տեղեակ եմ, Սիլիստրայի  հայկական եկեղեցւոյ սրբապատկերներու գծագիրներու հեղինակն է, այդպէ՞ս է…

–Այո՛, ան Սիլիստրա քաղաքի 1620-ականներուն կառուցուած հնագոյն հայկական եկեղեցւոյ պատերը նկարազարդած է 1941-ին: Արժանաւոր հայորդիի  յուշարձանի  փոքրիկ օրինակը առաջին անգամ պէտք է ցուցադրուի Ազգային պատկերասրահին մէջ, որ  պուլկարացի յայտնի  քանդակագործ, փրոֆէսոր Գէորգի Ցըպկանովի գործն է, իսկ յաջորդ տարի Սիլիստրա քաղաքի պատկերասրահին առջեւ պէտք է կանգնեցուի այդ արձանը, պատկերասրահն ալ պէտք է կոչուի Պետիկ Պետրոսեանի անունով:  Երէք լեզուներով ` հայերէն,  անգլերէն, պուլկարերէն տպագրուած է նաեւ Պետիկ Պետրոսեանի նկարներու ալպոմը, որ նոյնպէս պիտի ներկայացուի  ցուցահանդէսի ընթացքին: Պետրոսեան գրած է նաեւ ոտանաւորներ, որոնք, սակայն, գիրքի չեն վերածուած. ատոնք ալ պիտի ցուցադրուին, իսկ յետագային կ’ամբողջացնենք  ժողովածուի մէջ եւ տպագրութեան կը յանձնենք:

-Աստուածահաճոյ  նախաձեռնութեամբ  հանդէս կու գաք` կազմակերպելով  հայազգի նկարիչի ցուցահանդէսը…Գէո՛րգ,  երբ Հայաստան  կու գաք, առաջին հերթին  ու՞ր կը շտապէք  երթալ:

-Էջմիածի՛ն, Սու՛րբ քաղաք, Ուխտավայր…ի՛սկ Սփիւռքի նախարարութիւն առաջին անգամ մտած եմ պատահաբար` առանց ոեւէ մէկուն դիմելու…հրաշալի ընդունելութեան արժանացայ, կարծես հարիւր անգամ այստեղ եկած ըլլայի: Երբ այս մասին կը պատմեմ Պուլկարիոյ իմ հարազատներուս, ընկերներուս ու ծանօթներուս, կը զարմանան…միայն հարազատ օճախի մէջ կը գտնես այսպիսի ջերմութիւն:

 Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

Scroll Up