Տեղի Ունեցաւ «Հայկական Սփիւռքը Յարափոփոխ Աշխարհում» Գիրքի Շնորհանդէսը
Հոկտեմբեր 2-ին ՀՀ ԳԱԱ Նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայկական սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհում» մենագրութեան շնորհանդէսը: Գիրքը հրատարակութեան երաշխաւորած է ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդը: Աշխատութեան ուսումնասիրութեան առարկան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման ընթացքն է, արդիւնքները եւ հեռանկարները: Առաջին անգամ փորձ կ’ըլլայ ուսումնասիրել յարափոփոխ աշխարհին մէջ «Սփիւռք» հասկացութիւնը, ընդհանրական կերպով ներկայացնել Հայկական սփիւռքի ծագման, ձեւաւորման, զարգացման պատմութեան փուլերը, արդի վիճակը, առանձնայատկութիւնները:
Շնորհանդէսին ներկայ էին ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, ՀՀ ԳԱԱ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տէր Նաթան արք. Յովհաննիսեան, Լեհաստանի հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էդգար Ղազարեան, պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչներ, գիտնականներ, վերլուծաբաններ, փորձագէտներ:
Ներկաները ողջունեց ԳԱԱ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԳԱԱ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան: «Այս հանրագիտարանային նշանակութիւն ունեցող աշխատութեան մէջ նախ եւ առաջ թոյլ տուէք առանձնացնել «Հայկական սփիւռքի պատմութիւնը եւ արդի բնութագիրը» բաժինը, որտեղ հեղինակը գիտական մեկնաբանութեամբ ներկայացնում է սփիւռք եզրոյթը ընդհանրապէս, տարանջատում հայկական սփիւռքի ձեւաւորման փուլերը, տալիս ընդհանրական պատկեր` անդրադարձ կատարելով հայկական սփիւռքի ոչ միայն պատմութեանը, այլեւ կրթական, գիտական, մշակութային ժառանգութեանն ու ներկային, համահայկական, մասնագիտական կառոյցներին, հայագիտական կենտրոններին, մամուլին, սփիւռքեան թանգարաններին եւ գրադարաններին, պատմամշակութային ժառանգութեանը, վերհանում հայ ինքնութեան հիմնահարցերը, անդրադարձ կատարում Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ոլորտում պետական քաղաքականութեանը»,-նշեց Եուրի Սուվարեան:
Ներկաներուն իր օրհնութեան խօսքը յղեց Գերաշնորհ Տէր Նաթան արք. Յովհաննիսեան` նշելով. «Այս կոթողային մենագրութիւնը եւս մէկ ապացոյցն է մէկ ազգ, մէկ Հայրենիք միասնականութեան, եւ գրքի հրատարակման առթիւ թոյլ տուէք շնորհաւորել մեզ բոլորիս»:
Ընդգծելով «Հայկական սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհում» աշխատութեան գիտագործնական նշանակութիւնը` ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան ընդգծեց. «Լոյս են տեսնում բազում գիտական մեծ արժէք ունեցող գրքեր, որոնք սակայն գործնական առումով այդպէս էլ հասանելի չեն դառնում լայն հանրութեանը: Այս մենագրութիւնը եզակի է իր տեսակի մէջ, քանի որ ունի եւ՛ գիտական, եւ՛ գործնական ու ճանաչողական, եւ՛ պատմագիտական մեծ նշանակութիւն: Հեղինակը իւրաքանչիւր համայնքի պատմութիւնը ներկայացնում է առանձնայատուկ կերպով` ընդգծելով դրանց արմատական տարբերութիւնները: Ամբողջական եւ ընդհանրական է ներկայացւում սփիւռքում գործող Հայ եկեղեցին: Յիրաւի, հեղինակն օժտուած է բարդ սփիւռքը հասկանալու մեծագոյն կարողութեամբ: Աշխատութեան մէջ կարեւորւում են համահայկական խնդիրները` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացից մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարց: «Հայ Սփիւռք» հանրագիտարանից յետոյ սա մի գիտավերլուծական այնպիսի աշխատութիւն է, որից ոչ միայն կարելի է ահռելի քանակութեամբ տեղեկատուութիւն ստանալ, այլեւ հասկանալ այսօրուայ արդիւնքները եւ կանխատեսել վաղուայ օրը»:
ՀԲԸՄ Հայաստանի նախագահ, ՀԲԸՄ Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Վազգէն Եակուբեան, առանձնացնելով աշխատութեան ներդրումը ժամանակակից պատմագիտութեան, հասարակագիտութեան եւ սփիւռքագիտութեան մէջ, յատկապէս արժեւորեց հեղինակ Հրանոյշ Յակոբեանի անդրադարձը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան պատմութեան, զարգացման, արդիւնքներուն եւ հեռանկարներուն: «Սփիւռքին վերաբերող լուրջ հարցադրումները ներկայացուած են գիտական մակարդակով, համադրուած են հանրագիտարանային նիւթերն ու վիճակագրական աղիւսակները: Հաշուի առնելով գիրքի ամբողջական նշանակութիւնը սփիւռքի հայ համայնքներուն, կառոյցներուն, կազմակերպութիւններուն համար` կը ցանկամ տեղեկացնել, որ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը պատրաստ է ստանձնել գիրքի անգլերէն հրատարակութեան հովանաւորութիւնը»,-նշեց Վազգէն Եակուբեան:
«Հայկական սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհում» աշխատութեան վերաբերեալ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի նախագահ, Ս. Թեհլիրեան կոմիտէի ատենապետ Յակոբ Ճանպազեան:
ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի բաժինի վարիչ, ԳԱԱ թղթակից անդամ Ալբերտ Խառատեան ընդգծեց աշխատութեան գիտական, հանրային եւ համազգային արժէքը: ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Էդիկ Մինասեան կարեւոր համարեց աշխատութեան դասագրքային նշանակութիւնը` գիրքի լոյսընծայման առթիւ շնորհակալութիւն յայտնելով նախ եւ առաջ սփիւռքագիտութիւն առարկան ուսումնասիրող ուսանողներուն եւ պատմութեան բաժանմունքին անունէն:
«Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան գիրքը արժեւորեց ժամանակակից միտումները հասկնալու, գնահատելու եւ վերլուծելու ծիրէն ներս: «Մենք ապրում ենք անորոշութիւնների ժամանակաշրջանում, որին գումարւում են միգրացիոն հոսանքները, ինքնութեան ճգնաժամը, քաղաքացիական եւ քաղաքական անկայունութիւնը, դարի մարտահրաւէրները: Այս առումով գիրքը շատ հարցերի պատասխաններ է տալիս, շատ անորոշութիւնների համար նախանշում է որոշակի ճանապարհային քարտէզ: Եւ այդ քարտէզը ոչ միայն ունի գիտական լուրջ նշանակութիւն, այլեւ նմանւում է քաղաքական մանիֆէստի, թէ ինչպէս պիտի զարգանայ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը: Սակայն ինձ համար` որպէս լրատուադաշտի ներկայացուցիչի, յատկապէս հետաքրքրական էր հեղինակի անդրադարձը համահայկական լրատուական դաշտի խնդիրներին»:
Այնուհետեւ ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Գաւառի պետական համալսարանի տնօրէն Ռուզաննա Յակոբեան, Իրանի «Ալիք» թերթի խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, Ռուսաստանի հայերու միութեան, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի փոխնախագահ Վլադիմիր Աղայեան, ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէն Նաղաշ Մարտիրոսեան:
Շնորհանդէսի աւարտին ելոյթ ունեցաւ «Հայկական սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհում» մենագրութեան հեղինակ Հրանոյշ Յակոբեան` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր այն համահայկական, եկեղեցական կառոյցներուն, տարբեր երկիրներու մէջ գործող հայկական դեսպանատուներուն, որոնց միջոցով ճշգրտուած են աշխատութեան մէջ ներկայացուած շարք մը վիճակագրական տուեալներ: Հեղինակն իր երախտագիտութեան խօսքն ըսաւ նաեւ գիտնականներուն, որոնք հանդէս եկած են գիրքի գրախօսականներով, առաջարկներով, կարծիքներով: «Հայոց պետութիւնը պէտք է հասնի նրան, որ ՄԱԿ-ում սփիւռքի մասին հռչակագիր ընդունուի եւ մշակուի կոնվենցիա, որովհետեւ սփիւռքի իրաւունքները, պարտաւորութիւնները, սփիւռքը վերպետական, ներպետական, երկկողմանի, սփիւռք-սփիւռք, սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւնները միջազգային իրաւունքի ասպարէզում այսօր դարձել են սուբյեկտ, սակայն դեռեւս որեւէ գնահատական չեն ստացել»,-նշեց Հրանոյշ Յակոբեան` ընդգծելով, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի գիտական միտքը պէտք է ծառայեցուի նախ եւ առաջ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան խորացման ու ընդլայնման: