Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Պատուիրակութիւնն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
Սեպտեմբեր 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը (Լիբանան), Կեդրոնական վարչութեան անդամ, «Պայթարեան Թրէյտինկ» (Baitarian Trading) ընկերութեան ղեկավար Կարապետ Պայթարեան (Լիբանան), Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Կարօ Մանճիկեան (Սուրիա), Վիգէն Թուֆենկճեան (Գանատա), Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրամի խորհուրդի նախագահ, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սպարտակ Ղարաբաղցեան, Հայաստանի հիմնադրամի տնօրէն Նարէ Միքայէլեան:
Ողջունելով հիւրերը` սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց կազմակերպութեան հայապահպանութեան ուղղուած գործունէութիւնը, նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը եւ կրթական, մշակութային համատեղ ծրագիրներու իրականացումը:
Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար, ներկայացուցին իրենց տպաւորութիւնները «Հայաստան-Սփիւռք» համահայկական 6-րդ համաժողովի կազմակերպական հարցերուն, զեկուցումներուն, ակնկալուող արդիւնքներուն վերաբերեալ:
Քննարկուեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան միջեւ համագործակցութեան զարգացման եւ ամրապնդման, 2018թ. Համազգայինի 90-ամեակին նուիրուած համատեղ ձեռնարկներու իրականացման վերաբերող հարցեր: