Հայաստան-Սփիւռք Համաժողովին Ընդառաջ. Կարիք Ունինք Մշակելու Համասփիւռքեան Ռազմավարութիւն. Հրայր Ճէպէճեան

Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին ընդառաջ` կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Հրայր Ճէպէճեանի հետ:

-Ձեր կարծիքով, ո՞րն է սեպտեմբերին կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի առաջնահերթութիւնը:

Հայասատան-Սփիւռք 6րդ համաժողովին մէջ վեր առնուած են շատ մը այժմէական հիմնահարցեր։ Յստակ է, որ շատ լաւ աշխատանք տարուած է պարփակելու եւ համադրելու համար այս բոլոր նիւթերը մէկ համաժողովի ընթացքին։ Եւ այս բոլոր հիմնահարցերը որ տեղադրուած են կը կազմեն մեր հայկական ամբողջական կեանքերուն՝ այսպէս ըսած՝ «Միտք Բանին»։ Եւ մեր ամբողջական այս կեանքերուն «Միտք Բանին» յառաջ տանելու համար մենք պէտք ունինք հաւաքական ուժի, որ մեզի պիտի կարենայ շնորհել դրական ներշնչում՝յառաջ տանելու մեր բոլոր հիմնահարցերը իրենց ամբողջութեան մէջ եւ առանց առաջնահերդութիւններու։

 Չենք կրնար մեր կեանքի մէկ հիմնահարցը, որ կը կազմէ մէկ հիմք՝ առաջնահերդ նկատել միւսէն։  Իմ կարծիքովս՝ բոլորն ալ կարեւոր են եւ պիտի աշխատիլ, որ իւրաքանչիւր հայու մօտ ստեղծուի գիտակցութիւնը այս բոլորին նկատմամբ, որպէս մէկ ամբողջութիւն։

– Համաժողովի 4 թեմատիկ ուղղութիւններէն մէկը նուիրուած է հայապահպանութեան հիմնախնդիրներուն: Ի՞նչ  է Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան ամենամեծ հիմնախնդիրը եւ ի՞նչ  պէտք է ընել այդ ուղղութեամբ:

Հայկական Սփիւռքը բարդ է, գունաւոր եւ այլազան ու տակաւին մէկը միսէն տարբեր։ Սփիւռքահայը՝ աշխարհով մէկ տարածուած է եւ նոյնանման չէ։ Հայ է, բայց իւրաքանչիւրը իր ապրած երկրին հայեցակէտէն տարբեր է:  Տարբեր է բայց Օտար չէ։ Եւ սփիւռքահայը իր տարբերութիւններով՝ կենցաղային ու ապրելակերպի ու տակաւին իր ապրած երկրի պայմաններուն ու մթնոլորտին մէջէն, պիտի վեր առնել եւ ոչ որպէս Օտար։ Եւ պիտի նայիլ սփիւռքահայուն իր տարբերութիւններուն մէջէն, որոնք արժէ փորձել քով-քովի բերել, որպէս տարբեր նոյնութիւններ եւ ոչ որպէս Օտար։ Եւ այս իմաստով նաեւ պիտի վերանայիլ թէ ինչպէս պիտի ըլլայ սփիւռքահայուն ամբողջական մշակոյթի պահպանութեան հոլովոյթները՝ իւրաքանչիւրը իր պարունակին մէջէն։

Սփիւռքեան մեր հայկական ինքնութեան եւ մշակութային այժէքներու պահպանութեան մարտահրաւէրները այսօր մեծ համեմատութեամբ նոյնանման են։ Լեզուի պահպանում, քրիստոնէական հաւատք,  ինքնութիւն, գրականութիւն եւ արուեստ եւ պահանջատիրութիւն։ Եւ մեր այս համահայկական հիմնահարցերը կարելի չէ, որ պարփակել գաղութներու աշխարհագրական տուեալ սահմաններուն մէջ միայն։  Պէտք ունինք համասփիւռքեան ռազմավարութեան մը, ուր նիւթական, մարդկային եւ կառուցային բոլոր կարողականութիւնները լաւապէս կարելի է ներմուծել։ Եւ ինչ խօսք, որ ներկայի տեղեկատուութեան աշխարհի ու ընկերային  համացանցերու լաւապէս օգտագործումը կրնայ մեծապէս օգնել մեր բոլոր ուժերու եւ կարողականութիւններու օգտագործումի եւ համադրումի աշխատանքներուն մէջ։

Աւելի զգոյշ պիտի ըլլանք գաղութներու եւ անոնց ազգային եւ մշակութային կեանքի շարունակականութեան ի խնդիր։ Ճիշդ չէ առագ վճիռներ արձակել այս կամ այն գաղութի եւ կամ այս կամ այն ազգային, կրթական ու մշակութային հաստատութիւններու նկատմամբ։ Պիտք չէ մոռնանք, որ սփիւռքեան կեանքին մէջ հայապահապանումի մեծ պատերազմի մէջ ենք եւ մեր  ազգային մշակութային արժէքներու ինքնագիտակցութիւնը առաջնահերթ խնդիրներ են եւ անոր համար ամէն տեսակի աշխատանք անհրաժեշտ է եւ այդ կ’ենթադրէ մեծ զոհողութիւն։ Նոր տեսիլքը եւ աշխատանքային ծրագիրը պէտք է եւ անհրաժեշտ է զայն կերտել ծառայելու համար հայապահպանումի մեծ տեսլականին։

-Որո՞նք են այն կարեւոր նախադրեալները, որոնց միջոցով Սփիւռքի մէջ  հնարաւոր կ’ըլլայ հայապահպանութեան ուղղուած աշխատանքներ իրականացնել` յատկապէս երիտասարդներու շրջանակին մէջ:

Եթէ միջին արեւելեան գաղութներու պարագային տակաւին հայերէն լեզուի պահպանումը «բաւական» քաջալերական է, բայց նոյնը չէ պարագան այլ գաղութներու մէջ։

Բայց քաջալերական երեւոյթ է եւ մինչեւ այսօր, թէ ինքնութեան, մշակոյթի եւ պահանջատիրութեան գործօնները տակաւին  տիրական են։ Եթէ մէկ կողմէն լեզուի նահանջը կայ, մինչդեռ ինքնութեան կանչը տակաւին արկայ է։

Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչումները աշխարհով մէկ ստեղծեցին մեծ արթնութիւն։ Եւ այս նոյնքան նաեւ երիտասարդ սերունդի մասնակցութեամբ եւ աշխուժ ներդրումով։ Ան, որ կը խօսի կտրուկ  հայերէն եւ կամ երբեք։ 100-րդ տարելիցի կարգախօսքը «Յիշել եւ Պահանջել» դարձաւ ինքնութեան եւ իր համապարփակ հասկացողութեան մէջէն վերանորոգումի խթան մը։

Բայց կայ նաեւ երկրորդ երեւոյթ մը։ Եւ այս Հայրենիքի՝ Հայաստանի եւ Արցախի իրականութիւններն են։ Սփիւռքեան մեր ներկայ իրավիճակներուն մէջէն Հայաստան, որպէս հայրենի պետականութիւն եւ հող՝ այսօր կը սրսկէ հայկական ինքնագիտակցութիւնը եւ կը հաստատէ, կը կապէ ու կ’արթնցնէ «արմատի» հասկացողութիւնը հայուն մէջ եւ այդ արմատին տուն տուող հողի գիտակցութիւնը։ Եւ հայ երիտասարդը՝ Հայրենիքի ու Արցախի հետ իր այս կապուածութեամբ է, որ աւելիով պիտի զօրացնէ իր մէջ ինքնութեան գիտակցութիւնը։ Բայց նա մանաւանդ այս նոյն ինքնութեան նկատմամբ երիտասարդին հպարտութիւնը։ Եւ հայրենիքը այս հապարտութիւնն է որ կու տայ եւ պէտք է շարունակէ տալ։Եւ ի մասնաւորի երիտասարդներուն մօտ։

-Ին՞չ ակնկալիքներ ունիք համաժողովէն:

Անհրաժեշտ է որ համբերենք բայց նաեւ զիրար մտիկ ընենք։ Հաւաքական աշխատանքները այս մէկը կը պահանջէ։ Համաժողովին մէջ նեռարուած են շատ մը հիմնահարցեր եւ օրակարգի վրայ է նաեւ բաւական խիզախ եւ շինիչ ձեռնարկներ։ Եւ մեր համահայկական կեանքերուն համար՝եւ մեկնելով ներկայ օրերու շատ մը հրամայականներէն անհրաժեշտ է, որ մենք բոլորս լաւապէս օգտագործենք այս համաժողովը եւ մէջտեղ բերենք աշխատանքային ծրագիր մը, որ պիտի տայ մեր բոլորին հաւաքական կեանքերու ուղղութիւն։ Եւ մենք պէտք ունինք այս «ուղղութեան»՝որպէսզի դիմագրաւենք մեր հաւաքական կեանքերու շատ մը հիմնահարցերը, որ պիտի խօսինք համաժողովի ընթացքին։ Եւ իւրաքանչիւր հայ, որ պիտի մասնակցի՝ունի պատասխանատուութիւնը յաջողցնելու համար այս համաժողովը։ Այս համաժողովը մեր բոլորին համար է՝եւ բոլորս պէտք է ունենանք յանձնառութիւնը յաջողցնելու համար զայն։

 

 

 

 

 

 

 

Scroll Up