Հայաստան-Սփիւռք Համաժողովին Ընդառաջ.«Կ´ակնկալեմ Բոլոր Հրատապ Հարցերու Նկատմամբ Սկզբունքային Մօտեցում».Աննա Գիվարգիզեան

Սեպտեմբեր 18-20 կայանալիք «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համահայկական համաժողովին ընդառաջ «Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ Մոսկուայի «Ժամ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Աննա Գիվարգիզեանի հետ ունեցած հարցազրոյցը:
–Ձեր կարծիքով, ո՞րն է սեպտեմբերին կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի առաջնահերթութիւնը:
– Այսօրուան մեր համազգային գերակայութիւններու, նպատակներու եւ խնդիրներու սահմանումը, ինչպէս նաեւ ատոնց շուրջ Սփիւռք-Հայրենիք նիւթական, հոգեւոր եւ մասնագիտական ներուժի համախմբումը:
–Համաժողովին չորս թեմատիկ նիստերուն (Հայաստանի տնտեսութեան զարգացում,Տարածաշրջանային մարտահրաւէրներ եւ ազգային անվտանգութեան օրակարգ, արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ եւ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացում,Հայապահպանութեան հիմնախնդիրներ) ինչ հարցեր կ´ուզէիք քննարկուէի՞ն:
-Հայաստանի տնտեսութեան զարգացումը ոչ միայն քննարկման «Թեմատիկ ոլորտ»-է, այլ նաեւ հիմնախնդիր` գլխաւոր հիմնախնդիր: Քանի որ առանց զարգացող տնտեսութեան` չենք կրնար ունենալ կենսունակ բանակ, լիարժէք անվտանգութիւն, կրթութիւն, առողջապահութիւն, գիտատեխնիկական զարգացում եւ այլն: Հայաստանի մէջ տնտեսութիւնը չի կրնար զարգանալ, եթէ բացակային բոլորի համար տնտեսական համահաւասար պայմաններ, եթէ անձնական կամ խմբակային շահը գերադասուի պետական շահէն:
Իւրաքանչիւր երկրի մէջ տնտեսութիւնը, տնտեսական հարց ըլլալէ զատ ու ատկէ առաջ` հոգեբանութիւն է` համակարգի նկատմամբ վստահութիւն: Առանց այդ վստահութեան չըլլար նշմարելի զարգացում ապահովող ո՛չ ներքին եւ ո՛չ արտաքին ներդրում: ՀՀ դատական համակարգի երկաթեայ ձեռքը պարտաւո՛ր է պաշտպանել իւրաքանչիւր ներդրողի, քաղաքացիի:
Արցախի հարցով կենսական է տարածաշրջանի ինքնապաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ուժի կողքին տեսնել հարցի իրաւական ուժը: Անհրաժեշտ է վերստին մշակել, կատարելագործել եւ միջազգային հարթակոի վրայ հետեւողականութեամբ հետապնդել հարցի արդարացիութեան մօտեցումը` վիժեցնելով խնդիրը տարածքային վէճ ներկայացնելու հակառակորդի սադրիչ քաղաքականութիւնը: Խնդրի թէ անվտանգութեա՛ն եւ թէ՛ իրաւական կողմը կրնան հեշտութեամբ շրջանցուիլ կամ անտեսուիլ, եթէ այդ երկու հիմքը չերաշխաւորուի տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդի` հայութեան զանգուածային վերաբնակեցմամբ: Ատիկա կ´ապացուցէ ժողովուրդներու պատմական փորձը:
Ցեղասպանութիւններու կանխարգելումը գեղեցիկ երազանք է, որ կախուած չէ մեր ուժերէն, ոչ ալ իրագործելի է մեր նպատակներուն համար: Իսկ Հայոց իրաւունքներու հարցը շատ աւելի խորն է, քան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: 2015 թուականի Հռչակագիրէն արդէն երկու տարի անց կատարուող իրողութիւններն ինքնին կ´ապացուցեն, որ ընդհանուր եւ վերացական կարգախօսները մեզի որեւէ տեղ պիտի չի հասցնեն: Մենք ո՛չ պէտք է հրաժարինք մեր իրաւունքներէն, ո՛չ արկածախնդրական լոզունգներ բարձրացնենք եւ ո՛չ ալ անյստակ եւ անորոշ յայտարարութիւններով մեր գերագոյն իրաւունքներու հարցը` հայութեան համար ոգեղէն սնուցման մակարդակի իջեցնենք: Անհրաժեշտ են յստակ ծրագիր եւ յստակ մեքենականութիւններ:
Հայապահպանումը սփիւռքի մէջ, առանց ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ տեսլականի, երեւակայական է եւ ժամանակի դէմ վազք: 1915 թ-էն աւանդական Սփիւռքի յաջող եւ ձախող փորձերը բազմաթիւ անգամներ փաստած են, որ հայութիւնը երբ պայքարած է յանուն գերագոյն նպատակներու, այդ պայքարին առընթեր զարթօնք ապրած է, պահած եւ նոյնիսկ խորացուցած է իր ազգային ինքնութիւնն ու ազգային ենթագիտակցութիւնը: Սփիւռքի պայմաններուն մէջ առանց յանուն գերագոյն նպատակներու պայքարի, հայապահպանումը` որպէս վերջնական նպատակ` հաւասարազօր է հայակործանման եւ դանդաղ մահի: Այսօր Սփիւռքը սրընթաց ուծացման ուղիի վրայ է:
– Ինչ ակնկալիքներ ունիք համաժողովէ՞ն:
-Կ´ակնկալեմ վերոնշեալ բոլոր հրատապ հարցերու նկատմամբ գիտական, գործնական եւ սկզբունքային մօտեցում, որ համաժողովի գործունէութիւնը չսահմանափակուի (սկսի եւ աւարտէ) համաժողովի օրերով: Կ´ակնկալեմ, որ երկու տարի անց խնդիրները ո՛չ թէ սկսինք քննարկել նոյն կէտէն, այլ քննարկման առարկայ դառնան իրենց լուծման շարունակականութեան մէջ` հաշուի առնելով կատարուածի արդիւնաւէտութիւնը եւ վերամշակուին լրացուցիչ ծրագիրները: