Ամերիկահայերը` Հայաստան-Սփիւռք Համաժողովի Մասին. տեսանիւթ
Սեպտեմբներ 18-20 Երեւանը կը հիւրընկալէ Հայաստան-Սփիւռք հերթական համաժողովը, որուն կը մասնակցին աւելի քան 1500 պատուիրակներ շուրջ 70 երկիրներէ ներառեալ Միացեալ Նահանգներէն:
«Այս համաժողովը Սփիւռքի հայութեան համար հնարաւորութիւն է վերյիշելու իր արմատները, ծագման ու պարտաւորութիւններուն մասին»,- Ամերիկայի Ձայն-ի փոխանցմամբ` կը նշէ ամերիկահայ գրող Քրիս Պոհճալեան:
«Գալիք համաժողովը շատ լաւ հնարաւորութիւն է համայն հայութեան համար վայրկեան մը կանգ առինք, ետ նայեցանք, փորձելով վերաիմաստաւորել անցած ուղին եւ ամենակարեւորը միասնաբար հարթել ապագայի ճանապարհը»,- կ’ըսէ Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
«Հաշուի առնելով Հայաստանի անկախութեան քառորդ դարէ աւելի` համաժողովը լաւ առիթ է սփիւռքահայութեան համար վերանայելու անցեալն ու մտածելու ապագայի մասին, ինչպէս նաեւ հասկնալու, թէ ինչ կրնանք ընել միասնաբար»,- կ’ըսէ Ամերիկայի հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայեան Արտունի:
1999 թուականէն ի վեր սա արդէն համահայկական 6-րդ համաժողովն է, այս համաժողովներուն ընթացքին քննարկուած են հայութիւնը յուզող բազմաթիւ խնդիրներ: Վերջին համաժողովը տեղի ունեցած է 2014 թուականին, ուր շարք մը հիմնահարցերուն հետ մէկտեղ զգալի տեղ տրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու 100-ամեակի տարելիցին, ինչպէս նաեւ սուրիահայ համայնքի հիմնախնդիրներուն:
«Կարեւոր է հասկնալ, թէ ինչ կրնան ընել սփիւռքահայերը Հայաստանի համար, եւ ինչ կրնայ ընել Հայաստան Սփիւռքի մէջ բնակող իր հայրենակիցներուն համար, քանի որ երկու կողմն ալ ունին իրենց կարիքները»,- կը նշէ Լեւոն Աւտոյեան:
«Այս համաժողովը շատ լաւ միջոց է բոլոր խնդիրները քննարկելու եւ սփիւռքահայութեան հնարաւորութիւն տալու վերաիմաստաւորել, թէ ինչ հնարաւոր է ընել Հայաստանին օգնելու համար»,- կ’ընդգծէ Պոհճալեան:
«Այստեղ կրնանք լսել անմիջապէս այն բոլոր մարտահրաւէրներուն մասին, որոնց հետ կ’առերեսուի Հայաստանը եւ ինչպէս կրնանք օգնել Հայաստանին օրինակ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ծիրէն ներս»,- կ’ըսէ Արտունի:
«Նման համաժողովները միջոց են ազգային համաձայնութեան հաստատման համար այն բոլոր խնդիրներուն շուրջ, որոնք կը միաւորեն մեզի որպէս հայերու, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, Լեռնային Ղարաբաղի ազատութեան ու անվտանգութեան ապահովումը եւ աւելի ուժեղ, կայացած ու զարգացած Հայաստանի կերտումը»,- կ’ըսէ Արամ Համբարեան:
Համաժողովի աւարտին աւանդաբար կ’ընդունուի հռչակագիր, ուր կ’ուրուագծուին այդ ժամանակահատուածի առաջնահերթութիւններն ու հայութիւնը մտահոգող հիմնահարցերը: Գալիք համաժողովը կը կրէ «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրը:
«Ես կը հասկնամ, որ կան հիմնախնդիրներ, որոնք պէտք է քննարկուին: Կը կարծեմ, որ անհրաժեշտ են նաեւ աւելի թիրախաւորուած համաժողովներ օրինակ գործարարներու, հոգեւորականներու կամ գիտնականներու համար»,- կ’ըսէ Լեւոն Աւտոյեան:
«Հայաստան շրջապատուած է թշնամաբար տրամադրուած ազգերով, ուստի կախուած է Սփիւռքէն: Մենք կ’օգնենք կառուցել ժողովրդավարական հաստատութիւններ ու զարգացնել շուկայական յարաբերութիւններ երկրի մը մէջ, որ նոր թօթափած է խորհրդային անցեալը»,- կ’ըսէ Պոճալեան:
«Սփիւռքի մէջ կը ձեւաւորուի առաջնորդներու նոր սերունդ մը եւ նման համաժողովները պէտք է օգնեն անոնց հասնելու յաջողութեան»,- կը նշէ Արտունի:
Ինչպիսի ընթացք կը ստանայ այս համաժողովն ու ինչպիսի արդիւնքներ կ’արձանագրէ պարզ կը դառնայ համաժողովի աշխատանքներու աւարտէն ետք: Համաժողովը կը շարունակէ մնալ համահայկական ամենամեծ հարթակը` հայութիւնը յուզող խնդիրներու ու ծրագիրներու քննարկման համար: