Համահայկական Խորհուրդի Ձեւաւորման Նախաձեռնութիւնը` Հայաստան-Սփիւռք Համաժողովի Օրակարգին Վրայ. տեսանիւթ

Սեպտեմբեր 18-20 Երեւանի մէջ կը կայանայ «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովը, որուն ընթացքին կը քննարկուին հայութիւնը յուզող շարք մը հիմնահարցեր:

Համաժողովի ընթացքին պիտի կայանայ նաեւ Համահայկական խորհուրդի ստեղծման եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան յետագայ զարգացման հարցերով աշխատանքային խումբի խորհրդակցութիւն:

«Պատրաստ ենք քննարկելու նախաձեռնութիւնը բոլոր գործընկերներուն հետ համաժողովի ընթացքին»,- «Ամերիկայի ձայն»-ի փոխանցմամբ` կը նշէ Պրայեան Արտունին:

Դեռեւս 2015 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի աշխատանքներուն ընթացքին ընդգծուած էր միասնական մշտական հարթակ ստեղծելու կարեւորութիւնը եւ ձեւաւորուած կազմակերպչական յանձնախումբ` այս ուղղութեամբ աշխատանքներ իրականացնելու համար:

Իսկ ինչպիսի՞ արձագանք  ստացած է այս գաղափարը Սփիւռքի մէջ, մասնաւորապէս ամերիկահայութեան մօտ:

Ամերիկահայ Լեւոն Աւտոյեանի կարծիքով նման իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն պէտք է հաշուի առնէ հայկական Սփիւռքի բազմազանութիւնը, քանի որ այն կը ներառէ տարբեր ազգային առանձնայատկութիւններ եւ երկիրներ: Համահայկական կառոյցի նպատակներու եւ գործառոյթներու յստակութիւնը, ըստ անոր, չափազանց կարեւոր է կառոյցի արդիւնաւէտութեան համար:

«Այս ամէնուն հետ մէկտեղ, իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն, որ կ’ամրապնդէ կապը Հայաստանի ու Սփիւռքի տարբեր համայնքներու միջեւ արժանի է աջակցման»,- կ’ըսէ Աւտոյեան:

Ամերիկահայ գրող Քրիս Պոհճալեան կը գտնէ, որ մեծ մասամբ սփիւռքահայութիւնը չզգար այն բոլոր դժուարութիւնները, որոնք առկայ են Հայաստանի մէջ: «Նման խորհուրդի ստեղծումը Սփիւռքի ձայնը աւելի լսելի դառձնելու հետ մէկտեղ կը ստիպէ սփիւռքահայութեան աւելի մօտէն ծանօթանալու այն բոլոր հարցերուն, որոնց հետ ամէն օր կ’առնչուի Հայաստանի հասարակ քաղաքացին»,- կ’ըսէ Պոհճալեան:

Դեռեւս պարզ չէ, թէ ինչպիսի ձեւաչափով հանդէս պիտի գայ ապագայ մարմինը: Հայաստան-Սփիւռք համաժողովը լաւ առիթ է որոշակի յստակեցումներ մտցնելու եւ սփիւռքահայութեան տարբեր շրջանակներու մօտեցումներուն ծանօթանալու համար:

Scroll Up