Սփիւռք-Հայ­րե­նիք Համահայկական Ժողովի Նախօրէին

«Գանձասար» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան կը գրէ.

Սփիւռք-Հայ­րե­նիք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, փո­խա­դարձ ճա­նա­չո­ղութ­եան,  փո­խա­նա­կում­նե­րուն  25 տար­ուան փոր­ձա­ռու­թիւնն ու ար­ձա­նագր­ուած ար­դիւնք­նե­րը են­թա­հող պի­տի ծա­ռա­յեն, բնա­կա­նա­բար, Հա­յաս­տան-Սփիւռք վե­ցե­րորդ հա­մա­հայ­կա­կան եր­կօր­եայ ժո­ղո­վի նա­խօր­եա­կին քն­նար­կում­ներ կա­տա­րե­լու եւ Սփիւռ­քի ու Հայ­րե­նի­քի ներ­կայ իրա­վի­ճակ­նե­րուն լոյ­սին տակ նոր առա­ջարկ­նե­րով հան­դէս գա­լու:

Յե­տա­դարձ հայ­եացք մը նե­տե­լով սուր­ի­ա­հա­յու­թեան դի­մաց պար-զ­ուած յատ­կա­պէս վեր­ջին` պա­տե­րազ­մա­կան տա­րի­նե­րու պատ­կե­րին վրայ, կր­նանք հաս­տա­տել, որ պա­տե­րազ­մը պատ­ճառ հան­դի­սա­ցաւ, որ Հայ­րե­նիք-Սփիւռք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը շատ աւե­լի արագ կշ­ռոյ­թով զար­գա­նան, երե­ւան հա­նե­լով մաս­նա­գի­տա­կան սեր­տո­ղու­թեան ար­ժա­նի մէ­կէ աւե­լի երե­ւոյթ­ներ:

Եթէ նախ­քան պա­տե­րազ­մը սուր­ի­ա­հա­յու­թեան նկա­տա­ռե­լի մէկ տո­կո­սին հա­մար, առանց բա­ցար­ձակ ընդ­հան­րա­ցում­նե­րու եր­թա­լու, հայ­րե­նի­քը միայն ոգե­ղէն ներ­կա­յու­թիւն էր, ուր զբօ­սաշր­ջու­թեան, հան­գիս­տի, ու­սա­նե­լու կամ հա­մա­հայ­կա­կան ժո­ղով­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար կա­րե­լի էր մեկ­նիլ ու բա­ւա­րար­ուիլ հայ­րե­նա­ճա­նա­չու­թեամբ.  աւե­լին`  հայ­րե­նա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րը գո­յա­տեւ­ման խթան ծա­ռա­յեց­նել եւ Արա­րա­տի հմայ­քին ու հայ­րե­նի­քի քաղցր ջու­րին հա­մով լի­ա­նալ. եթէ հայ­րե­նի­քը ոգե­ղէն ներ­կա­յու­թիւն էր միայն, սուրբ ներ­կա­յու­թիւն մը, ուր ամէն բան վար­դա­գոյն էր ու դիւ­րա­հաս, պա­տե­րազ­մը պատ­ճառ հան­դի­սա­ցաւ որ այդ մա­կե­րե­սա­յին նայ­ուած­քը կտ­րուկ վե­րի­վայ­րում մը ապ­րի, զգա­ցա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը բա­խին իրա­կա­նութ­եան պա­տին ու Հա­յաս­տա­նը որ­պէս ան­կախ պե­տու­թիւն, պե­տա­կա­նու­թիւն ըն­կա­լե­լու գի­տակ­ցա­կան վի­ճա­կը շատ աւե­լի արագ կշ­ռոյ­թով ձե­ւա­ւոր­ուի: Պե­տու­թիւն, որ ու­նի իր դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը եւ որուն զար­գաց­ման ու կա­յու­նաց­ման մէջ իր ներդ­րու­մը կր­նայ բե­րել ու պէտք է բե­րէ Սփիւռ­քը, ոչ թէ միայն հեռ­ուէ  հե­ռու զօ­րակ­ցա­կան կո­չեր հրա­պա­րա­կե­լով ու տն­տե­սա­պէս օժան­դա­կե­լով անոր, այլ նա­եւ մաս­նակ­ցե­լով,  որով­հե­տեւ հայ­կա­կան մեր իրա­կա­նու­թեան մէջ ամուր խա­րիսխ մըն է ան­կախ Հա­յաս­տա­նը: Մաս­նակ­ցու­թեան այդ եղա­նա­կը պի­տի ըլ­լայ սեր­տե­լին: Մասն­ա­կցու­թիւն մը, որ սահ­մա­նա­փակ ներդ­րու­մէն ան­դին եր­թայ ու մեր պե­տու­թիւնը մի­աս­նա­բար կա­ռու­ցե­լու, զօ­րաց­նե­լու տրա­մա­բա­նու­թեամբ օժտ­ուի: Մաս­նակ­ցու­թիւն մը, որուն եզ­րե­րուն ճշ­դո­րո­շու­մին մէջ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­նայ սփիւռ­քա­հայ մաս­նա­գէ­տը, մտա­ւո­րա­կա­նը նա­եւ: Մաս­նակ­ցու­թիւն մը, որ հիմն­ուի փո­խա­դարձ իրա­տես ճա­նա­չո­ղու­թեան վրայ` հե­ռու զգա­ցա­կան մօ­տե­ցում­նե­րէ: Ան­ցած են հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րով խան­դա­վառ­ուե­լու ժա­մա­նակ­նե­րը: Հայ երի­տա­սար­դու­թիւնը, Սփիւռ­քի մէջ թէ Հայ­րե­նի­քի, կեն­դա­նի գոր­ծին, գոր­ծակ­ցու­թեան հետ յոյ­սեր կը կա­պէ միայն:

Հա­յաս­տա­նին հա­մար եւս սուր­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մը եր­կու իրա­վի­ճակ ստեղ­ծեց, առա­ջի­նը պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով Հա­յաս­տան հաս­տա­տուող սուր­ի­ա­հա­յե­րուն աշ­խա­տան­քի եւ կե­ցու­թեան յար­մա­րու­թիւն­նե­րու ապա­հով­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնն էր, սուր­ի­ա­հայ գաղ­թող մար­դու­ժին ներգ­րա­ւու­մը նա­եւ հա­յաս­տան­եան մի­ջա­վայ­րին մէջ: Երկ­րոր­դը սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թի դի­մադ­րո­ղա­կան ոգի­ին նպաս­տելն ու քա­ղա­քա­կան դաշ­տին վրայ այդ նկա­տա­ռում­նե­րով հան­դէս գալն էր, որ­պէս պե­տու­թիւն: Այս պա­տե­րազ­մը նպաս­տեց, որ Հա­յաս­տանն ու հա­յաս­տան­ցին աւե­լի լաւ ճանչ­նան սուր­ի­ա­հա­յը, սուր­ի­ա­հայն ալ` Հա­յաս­տա­նը, որ­պէս 25-ամ­եայ պե­տա­կան ներ­կա­յու­թիւն մը մեր կեան­քին մէջ: Այս առու­մով պէտք է քն­նար­կել թէ որ­քա­նո՛վ կա­րե­լի եղաւ ճշգր­տօ­րէն կա­ռա­վա­րել պա­տե­րազ­մին յա­ռա­ջա­ցու­ցած այս նոր կա­ցու­թիւնը:

Սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թին դի­մադ­րո­ղա­կան ոգին գլխիվայր շրջեց նա­եւ ընդ­հան­րա­ցած այն թիւր կար­ծի­քը, որուն հա­մա­ձայն պատ­մա­կան մեր գա­ղութ­նե­րը ժա­մա­նա­կա­ւոր են, փխ­րուն ու կորստ­եան դա­տա­պարտ­ուած: Փաս­տօ­րէն անոնք, ու­նե­նա­լով մէկ­տեղ գո­յեր­թի պահ­պան­ման լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­ներ, դժ­ուա­րու­թիւն­ներ ու թոյլ կող­մեր, ըն­դու­նակ են պահ­պա­նե­լու իրենց գո­յու­թիւնը, սա­կայն կը մտա­ծե՞նք այդ գո­յու­թիւնը եր­կա­րաձ­գող որա­կա­ւոր մար­դու­ժի պատ­րաս­տու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին, իսկ Հա­յաս­տա­նը որ­քա­նո՞վ կր­նայ սա­տա­րել այդ պատ­րաս­տու­թեան:

Փա­փա­քե­լի պի­տի ըլ­լայ, որ այս ժո­ղո­վը խոր­քա­յին քն­նար­կում­նե­րու եւ նոր գոր­ծե­լա­ձե­ւի որ­դեգր­ման առիթ հան­դի­սա­նայ, ի շահ Հայ­րե­նի­քին ու Սփիւռ­քին, ոչ թէ անոնց­մէ մէ­կուն` միւ­սին հաշ­ւոյն:

Scroll Up