Ստեփան Գրքաշարեանը Հիւրընկալուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Սեպտեմբեր 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց աւստրալահայ հասարակական ու մշակութային գործիչ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ թեմական խորհուրդի փոխնախագահ, Ստեփան Գրքաշարեանը եւ անոր տիկինը` Հիլտա Գրքաշարեանը:

Ողջունելով հիւրերը` Սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց ազգանուէր գործիչի բազմամեայ գործունէութիւնը` ի նպաստ օտար ափերու վրայ հայ ինքնութեան պահպանման:

Քննարկուեցան սեպտեմբեր 18-20 Երեւանի մէջ կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին համայնքի մասնակցութեան առնչուող հարցեր:

Ստեփան Գրքաշարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ հանգամանալից զրոյցի համար, ներկայացուց համայնքէն ներս առկայ խնդիրները, իրականացուող ծրագիրները:

 

 

 

Scroll Up