Տեղի Ունեցաւ Ստեփանոս Երէցի «Հանգիտագիրք» Պատմագիրքի Գրաբար Բնագիրի Եւ Աշխարհաբար Փոխադրութեամբ Գիրքի Շնորհանդէսը

Սեպտեմբեր 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Մաշտոցի անուան Մատենադարանի եւ Թեհրանի Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան հետ համագործակցութեամբ Մատենադարանի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Ստեփանոս Երէց Հազարջրիբեցիի (18-րդ դար) «Հանգիտագիրքի» շնորհանդէսը:
Բնագիրը պատրաստած եւ աշխարհաբարի փոխադրած են Մատենադարանի աւագ գիտաշխատողներ Թամարա Մինասեան, Լուսինէ Թումանեան եւ Յասմիկ Կիրակոսեան: Յառաջաբանը գրած է իրանագէտ Վահան Բայբուրդեան: Գիրքը հրատարակուած է Թեհրանի «Ալիք» տպարանին մէջ` Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ: Նուիրուած ըլլալով 17-րդ դարու երկրորդ կէսի եւ 18-րդ դարու իրանահայ համայնքի պատմութեան` գիրքը կ’ընդգրկէ տուեալներու աւելի լայն շրջանակ. Ստեփանոս Երէցի Պատմութիւնը կարեւորագոյն տեղեկութիւններ կը պարունակէ նաեւ հարեւան երկիրներու` Աֆղանստանի, Հարաւային Կովկասի երկիրներու, յատկապէս Վրաստանի պատմութեան վերաբերեալ:
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան` նշելով, որ բացառիկ աղբիւրագիտական արժէք ներկայացնող այս գիրքի լոյս ընծայումը Մատենադարանի եւ Սփիւռքի նախարարութեան փայլուն համագործակցութեան արդիւնքն է:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը մասնակիցներուն փոխանցեց նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան` նշելով. «Այս գրքի շնորհիւ հայ պատմագրութիւնը հարստացաւ եւս մէկ սկզբնաղբիւրով: Դարեր շարունակ պատմական ճակատագրի բերումով հայ ժողովուրդը արմատախիլ է եղել սեփական հայրենիքից եւ սփռուել ողջ աշխարհով, ապրելով օտարների տիրապետութեան ներքոյ` մարտնչել է, պայքարել, ապրել ու արարել` պահպանելով իր ինքնութիւնը, լեզուն ու մշակոյթը: Ուրախալի է, որ Մատենադարանի գիտաշխատողների օգնութեամբ իրականացուել է ձեռագիր մատեանի աշխարհաբար թարգմանութեան դժուարին աշխատանքը, եւ այսօր մենք արձանագրում ենք, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը մեր հայրենակիցների ապրելու եւ ստեղծագործելու համար ստեղծել է լաւագոյն պայմանները: Իրանի հայ համայնքը դարձել է Հայաստան-Իրան դարաւոր բարեկամութեան ամրակուռ կամուրջը»:
Նախարարն իր խօսքին մէջ բարձր գնահատած էր գիրքը հրատարակելու` Փերիոյ կրթասիրաց միութեան նախաձեռնութիւնը, աշխատութիւնը գրաբարէն աշխարհաբար փոխադրելու` Մատենադարանի տնօրինութեան պատրաստակամութիւնը եւ Մատենադարանի գիտաշխատողներու բարեխղճութիւնն ու բարձր մտարուեստութիւնը:
Փերիոյ կրթասիրաց միութիւնն արժանացած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալին, որ անոնց յանձնեց Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան:
Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան առաջին քարտուղար Հոսէին Շիրխանին: Փոխանցելով ԻԻՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն.Գ. պարոն Սեյետ Քազեմ Սաճատի խօսքերը` առաջին քարտուղարը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Փերիոյ կրթասիրաց միութեան` գիրքի տպագրութեան գործը նախաձեռնելու համար: Ան նշեց, որ հայերը դարեր շարունակ ապրած են Իրանի մէջ եւ օգնած իրանական մշակոյթի զարգացման: Հայաստանի մէջ ԻԻՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպանութեան առաջին քարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Մատենադարանին` գիրքի աշխարհաբար փոխադրութեան գործը եւ շնորհանդէսը կազմակերպելու համար:
Թեհրանի Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան կողմէ գիրքի հրատարակման պատասխանատու Գասպար Ամիրխանեան ներկայացուց գիրքի աշխարհաբար փոխադրութեան աշխատանքները նախաձեռնելու եւ այն տպագրելու պատմութիւնը: Ան նշեց, որ գիրքի առաջին շնորհանդէսը տեղի ունեցած է Թեհրանի մէջ յուլիս 19-ին: «Ամէն ինչ սկսաւ 2014 թ. օգոստոսին, երբ մենք Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ կազմակերպեցինք «Փերիոյ օրերը Հայաստանի մէջ» եռօրեայ ծրագիրը: Այն ատեն նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առաջարկեց մաս-մաս ուսումնասիրել Նոր Ջուղայի մէջ հաւաքուած հայկական մշակութային ժառանգութիւնը: Այս գիրքի հրատարակումը Հայաստան-Սփիւռք լաւագոյն գործակցութեան արդիւնք է եւ յոյսով եմ` այն շարունակական կ’ըլլայ»,- նշեց ան:
Գիրքի փոխադրութեան եւ տպագրութեան աշխատանքներուն աջակցելու եւ շնորհանդէսը կազմակերպելու համար Գասպար Ամիրխանեան Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան շնոհակալագիրներով պարգեւատրեց Վահան Բայբուրդեանը, Թամարա Մինասեանը, Լուսինէ Թումանեանը, Յասմիկ Կիրակոսեանը եւ ՀՀ ՍՆ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան:
ԻԻՀ-ի մէջ ՀՀ առաջին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, գիրքի նախաբանի հեղինակ, փրոֆէսոր Վահան Բայբուրդեան ընդգծեց, որ պատմագիտական արժէք ներկայացնող գիրքի լոյս ընծայման հարցով լուրջ խթան հանդիսացած է Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի նուիրումը գործին: Փրոֆէսորը խօսեցաւ հայ մշակոյթի զարգացման գործին մէջ իրանահայ համայնքի ներդրման մասին:
Գիրքի պատմագիտական-աղբիւրագիտական եւ բանասիրական արժէքներուն մասին զեկոյցներով հանդէս եկան ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, ՀՀ ԳԱԱ Գրականութեան ինստիտուտի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան եւ մատենադարանի Արուեստի պատմութեան եւ գրչութեան կեդրոններու ուսումնասիրման բաժնի վարիչ Կարէն Մաթեւոսեան` նշելով, որ Ստեփանոս Երէցի «Հանգիտագիրք»-ի բնագիրի եւ աշխարհաբար փոխադրութեան ամբողջական հրատարակութեամբ առաջին անգամ շրջանառութեան մէջ կը մտնէ երկ մը, որ կարեւոր սկզբնաղբիւր է իրանահայ գաղթօճախի, յատկապէս Փերիա, Բուրվառ, Նոր Ջուղա գաւառներու պատմութեան եւ ընդհանրապէս Իրանի ուշ միջնադարի պատմութեան ուսումնասիրման համար:
Գիրքի` աշխարհաբար փոխադրելու աշխատանքներուն մասին զեկոյցով հանդէս եկաւ Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Թամարա Մինասեան: Ան նշեց, որ «Հանգիտագիրք»-ը մեզի հասած է երկու ձեռագիրով: Բնագիրը Նոր Ջուղայի ձեռագրատան մէջ պահուող թիւ 654 մատեանն է: Երկրորդ մատեանը կը պահուի Մատենադարանին մէջ, որ 1945-1946 թուականներուն Ջուղայի ձեռագիրէն ամբողջութեամբ ընդօրինակած է իրանահայ բանասէր Լեւոն Մինասեան:
Շնորհանդէսի աւարտին Հայաստանի մէջ ԻԻՀ դեսպանատան առաջին քարտուղար Հոսէին Շիրխանին դեսպանին անունէն իրանական զարդանաշխերով գորգ նուիրեց Մատենադարանին: