Հայաստան-Սփիւռք Համաժողովին Ընդառաջ. Այսպիսի Համաժողովներ Խորհրդանշական Չեն Կրնար Ըլլալ. Փօլ Հայտոսթեան

Սեպտեմբեր 18-20 Երեւանի մէջ կայանալիք «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով  Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին ընդառաջ՝ կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ, Վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանի հետ: 

– Ձեր կարծիքով, ո՞րն է սեպտեմբերին կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի առաջնահերթութիւնը:

Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 6-րդ Համաժողովի առաջնահերթութիւնը ամէն բանէ առաջ ստեղծումն է համախմբումի եւ խորհրդակցութեան այնպիսի հարազատ մթնոլորտ մը, որով կարելի կը դառնայ գիտակցիլը թէ մեր հայրենիքի եւ աշխարհատարած համայնքներու նիւթերը, հարցերը եւ ձգտումները փոխկապակցութիւն ունեցող հրատապ վիճակներ են, որոնք կը պահանջեն նուիրական, համակարգուած կեցուածք: Այլ խօսքով այսպիսի համաժողովներ խորհրդանշական չեն կրնար ըլլալ այլ ամբողջովին բովանդակալից:

-Համաժողովի 4 թեմատիկ ուղղութիւններէն մէկը նուիրուած է հայապահպանութեան հիմնախնդիրներուն: Ի՞նչ  է Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան ամենամեծ հիմնախնդիրը եւ ի՞նչ  պէտք է ընել այդ ուղղութեամբ:

Հայապահպանութեան ամենամեծ հիմնախնդիրը դաստիարակչականն է: Դպրոցը, եկեղեցին, ընտանիքը, թաղամասը, մշակութային կամ քաղաքական կեդրոնը, որքա՞ն կը յաջողին դաստիարակել ինքնավստահ, մրցունակ ու մշակուած հայ մարդը, եւ որքանո՞վ պարզապէս հայը հայուն հետ համախմբելու նեղ հորիզոններու սահմաններուն մէջ կը մնան: Այս գծով, ինքնութեան եւ դաստիարակութեան նոր ուրուագծերու աշխատանք  պէտք է:

–  Որո՞նք են այն կարեւոր նախադրեալները, որոնց միջոցով Սփիւռքի մէջ  հնարաւոր կ’ըլլայ հայապահպանութեան ուղղուած աշխատանքներ իրականացնել` յատկապէս երիտասարդներու շրջանակին մէջ:

– Հայապահպանութեան ուղղուած աշխատանքներու յաջողութեան երաշխիքներէն են հայկական հաստատութիւններու թափանցիկ, արհեստավարժ, բազմալեզու եւ բազմամիջոց առաջնահերթութիւններու վրայ հիմնուած ռազմավարութիւնը:  Ժամանակակից երիտասարդը պիտի չհրապուրուի միայն զգացականով:  Կարեւոր է նաեւ հայը հայուն ծանօթացնելու, Հայաստանի եւ հայուն հիմնական ուժականութեան պատկերը ներկայացնելու, հայերու համագործակցութեան գործնական օրկանները ցոյց տալու, եւ գիտական, տնտեսական, հոգեմտաւոր, մշակութային, քաղաքական ոլորտներու մէջ զարգացման հորիզոններ բանալու:

 –   Ին՞չ ակնկալիքներ ունիք համաժողովէն:

– Մեր ակնկալութիւնը նախ այն է, որ համաժողովին ընթացքին հարազատօրէն ամրապնդուին սփիւռքի անձնաւորութիւններու, սփիւռքեան կառոյցներու եւ Հայաստանի պետական թէ հասարակական մարմիններու կապերը:  Երկրորդ մեր յոյսն այն է, որ մեր բոլորին տեղական թէ համաշխարհային խնդիրները քննուին իրատես մօտեցումով եւ գործնական առաջադրանքներով: Իսկ երրորդ ակնկալելիքը այն է, որ ջանք չխնայուի հայկական համակարգուած տինամիք տեսիլք ստեղծելու:

Scroll Up