«Բազէ-2017» Համահայկական Երիտասարդական Հաւաքի «Սփիւռք» Ջոկատի Մասնակիցները Հիւրընկալուեցան Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ
Օգոստոս 30-ին «Բազէ-2017» համահայկական երիտասարդական հաւաքի «Սփիւռք» ջոկատի մասնակիցները հիւրընկալուեցան Սփիւռքի նախարարութեան մէջ: Հանդիպման ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան, Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեան, Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդի նախագահ Սամուէլ Մկոյեան, նախարարութեան աշխատակիցներ:
Հիւրերուն փոխանցելով Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը` Վահագն Մելիքեան բարձր գնահատեց բազէականներու մասնակցութիւնը համահայկական երիտասարդական հաւաքին եւ մասնաւորապէս նշեց. «Մենք շատ ոգեւորուած ենք ձեր ցուցաբերած արդիւնքներով: Բոլոր 45 ջոկատների մէջ «Սփիւռք» ջոկատը գրաւել է 2-րդ պատուաւոր հորիզոնականը: Դուք ձեր հիանալի արդիւնքներով, ինչ խօսք, բարձր էք պահել նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան պատիւը: Շնորհաւորում եմ ձեզ, մաղթում նորանոր յաջողութիւններ, նպատակասլացութիւն»:
Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդի նախագահ Սամուէլ Մկոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար: «Սփիւռքի նախարարութեան օգնութեամբ մենք կրցանք ձեւաւորել «Սփիւռք» ջոկատը, որուն կ’անդամակցէին ինը սփիւռքահայ երիտասարդներ Ռուսաստանէն, ԱՄՆ-էն, Լեհաստանէն, Վրաստանէն, Սուրիայէն եւ Իսրայէլէն: Յուսանք` միւս տարի սփիւռքէն ժամանած երիտասարդները աւելի մեծ թիւով ջոկատ կը ձեւաւորեն եւ կը շարունակեն փայլուն հանդէս գալ»:
Այնուհետեւ իրենց տպաւորութիւնները եւ առաջարկները ներկայացուցին «Սփիւռք» ջոկատի մասնակիցները: Իսրայէլէն ժամանած եւ արդէն Հայաստանի մէջ մշտական բնակութիւն հաստատած Արմինա Խաչատրեան ընդգծեց, որ «Բազէ»-ն նախ եւ առաջ իրեն նոր ընկերներ ձեռք բերելու, տարբեր տաղանդաւոր մարդոց հետ շփուելու հնարաւորութիւն տուաւ: «Մենք դարձանք մէկ ընտանիք` միասնական եւ համախմբուած»,-նշեց Արմինան:
Ռուսաստանէն եկած Քրիստինա Գրիգորեան այս ամառ մասնակցած է նաեւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի երիրտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացքին, այնուհետեւ որոշած է մասնակցիլ նաեւ «Բազէ» համահայկական երիտասարդական հաւաքին: «Ջոկատային համերաշխութիւն եւ կազմակերպուածութիւն` ահա մեր յաղթանակի եւ միասնականութեան գրաւականը»,-նկատեց Քրիստինան:
Համահայկական հաւաքին մասնակցած սփիւռքահայ երիտասարդներուն մեծ մասն արդէն բնակութիւն հաստատած է Հայրենիքի մէջ, իսկ միւսները հաւաստիացուցին, որ մօտ ապագային կը կարենան վերադառնալ Հայաստան: