Օնթինյենթ Քաղաքի Հայկական Դպրոցը
2015 թուականին Լիլիթ Մալխասեան Սպանիոյ Օնթինյենթ քաղաքին մէջ (Վալենսիա), ուր շուրջ 150 հայ կ’ապրի, հիմնած է «Մեսրոպ Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոցը:
«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Լիլիթ Մալխասեան, որ նաեւ դպրոցի տնօրէնն է, ըսաւ, որ ապրելով Սպանիոյ մէջ` տարիէ տարի իր հոգիին մէջ աւելի կը զօրեղանար հայկական դպրոց հիմնելու գաղափարը, քանի որ տեսնելով այնտեղ ապրող հայ երեխաներու Մայրենիի, հայ մշակոյթի հանդէպ փոքր-ինչ անտարբեր վերաբերմունքը` խոր ցաւ կ’ապրէր:
«Իբրեւ հայ, իմ պարտականութիւնս կը համարէի դպրոցի ստեղծումը, շատ կ’ուզէի` Հայաստանէն հեռու ապրող հայ երեխաները դպրոց յաճախելով` չմոռնային հայերէնը, կապուէին հայ գիր ու գրականութեան, տառաճանաչ ըլլային, ինչն ալ կը նպաստէր ինքնութեան ու ազգային դիմագիծի պահպանման: Դեռեւս միայն ես կը դասաւանդեմ, մեծ սիրով կը կատարեմ աշխատանքներս` աշակերտներուն հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, հայ երաժշտութիւն դասաւանդելով: Այսօրուան դրութեամբ` դպրոց տաս աշակերտ կը յաճախէ,-իր խօսքին մէջ ընդգծեց Լիլիթ Մալխասեան` աւելցնելով, որ սկսած է համագործակցիլ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ, արդէն պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է դասագիրքերու տրամադրման հարցով:
Լիլիթ Մալխասեան իր երկու որդիներուն նոյնպէս կը տոգորէ հայրենասիրական ոգիով, կը վստահեցնէ, որ ամէն ինչ կ’ընէ` անոնց հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն տալու, Հայրենիքի հետ կապերը չխզելու համար: Ամառնային արձակուրդներուն պարտադիր Հայաստան կը բերէ, տարբեր տեսարժան վայրեր շրջայցերու կը տանի, իսկ յաջորդ տարուան այցելութեան ընթացքին տղաները պիտի մասնակցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրին:
Ի դէպ, Լիլիթի կրտսեր որդին` տասներկու տարեկան Սիրեկան Յովհաննիսեանը, Օնթինյենթ քաղաքին մէջ կայացած ճատրակի մրցոյթին յաղթող ճանչցուած է:
Աւելցնենք նաեւ, որ դպրոցի տնօրէնը Հայաստանին, մեսրոպեան տառերուն եւ հայկական մշակոյթին նուիրուած ընդգրկուն ձեռնարկ մը կազմակերպած է, որուն ի թիւս այլ հիւրերու, ներկայ եղած են նաեւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ:
Գէորգ Չիչեան