«Որեւէ Բան Միանգամէն Ու Հեշտ Չի Տրուիր». Սուրիահայ Հայրենադարձ

#3խորհուրդսուրիահայէ ծրագիրի ծիրէն ներս կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը «Եասմին» ճաշարանի տնօրէն Յասմիկ Աշոտեանի հետ:

– Տիկի՛ն Յասմիկ, կը պատմէք ձե՞ր գործին մասին:

– Դեռ շատոնց Սայաթ Նովա փողոցի վրայ շաուրմայի կրպակ ունէինք, կը կոչուէր` «Հալէպի սենտուիչ», ուր կը մատուցէինք սուրիական արագ ուտեստներ: Այնուհետեւ կրպակի հարեւանութեամբ փոքրիկ ճաշարան մը բացինք` ընդամէնը 4 սեղանով, եւ քանի որ արդէն ձմեռ էր, սկսանք տաք ուտեստներ մատուցել, մտածելով` լաւ կը վաճառուին:

4 տարի այդպէս աշխատելէ յետոյ որոշեցինք, որ աւելի մեծ վայր  պէտք է ունենանք եւ 4 ամիս առաջ բացինք այս ճաշարանը: Սնունդի նախորդ կէտերը փակեցինք եւ կեդրոնացանք այս գործին վրայ: Հիմա մեր ճաշացանկն ալ  հարստացած է, կը մատուցենք արեւելեան խոհանոցի համեղ ճաշատեսակներ:

– Ճաշարանին անունը «Եասմին» : Ո՞վ  այդպէս կոչած է:

– Իմ անունովս է, պարզապէս Յասմիկ անունս ձեւափոխած եւ ստացած ենք Եասմին:

– Ըսիք, որ հիմնականին մէջ կը մատուցէք արեւելեան խոհանոցի ճաշատեսակներ: Իսկ ունի՞ք որեւէ յատուկ ճաշատեսակ, որ հնարաւոր է ճաշակել միայն այստեղ:

– Մենք կը մատուցենք ամենահամեղ «ֆուլ»-ը եւ «ֆաթեն»-ն: Մեր յաճախորդները յատուկ այս ճաշատեսակներուն համար  այստեղ կու գան:

– Ովքե՞ր են Ձեր հիմնական յաճախորդները:

– Հիմնական յաճախորդներուն կէսը հայաստանցիներ են: Մեր հին յաճախորդները եւս կ’այցելեն մեզի: Մեր ճաշարանը կը նախընտրեն նաեւ տարբեր երկիրներէ ժամանած սփիւռքահայերը:

– Այս տարիներուն ընթացքին ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպած էք:

– Որեւէ բան միանգամէն ու հեշտ չի տրուիր: Բայց մեր աշխատասիրութեամբ յաղթահարած եւ կը շարունակենք յաղթահարել այդ դժուարութիւնները: Օրէնքները մեզի համար նոր են, յատկապէս` հարկեր վճարելու գործընթացքը: Սուրիոյ մէջ տարեկան կը վճարէինք այնքան հարկ, որքան այստեղ կը վճարենք մէկ ամսուան համար: Իսկ մշակութային առումով խնդիր չունինք: Ինչպէս որ այնտեղ  սիրած ենք ժողովուրդը, այնպէս ալ այստեղ կը սիրենք:

– Զրոյցի աւարտին ի՞նչ խորհուրդ կու տաք այն մարդոց, որոնք կ’ ուզեն Հայաստանի մէջ գործ հիմնել:

– Կը կարծեմ` ամէնէն կարեւորն արդար աշխատիլն է: Պէտք է ուշադիր ըլլալ եւ նոր մարդոց հետ կարենալ շփուիլ: Կարեւոր է նաեւ այն, որ մեր գործը ընտանեկան է: Մեզի համար աւելի հեշտ է միասին աշխատիլը, քանի որ մէկ ընտանիքի անդամներ ենք եւ կը վստահինք իրար:

Լաուրա Սամուէլեան

 

Scroll Up