«Հայաստանէն Աւելի Լաւ Տեղ Չկայ». «Թաուկ» Ճաշարանի Հիմնադիր
#3խորհուրդ սուրիահայէ ծրագիրի ծիրէն ներս կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը «Թաուկ» ճաշարանի սեփականատէր Վիգէն Փիլիպոսեանի հետ:
– Երբ տեղափոխուած էք Հայաստա՞ն:
– Հայաստան տեղափոխուած եմ 5 տարի առաջ Հալէպէն, եւ երբեք ետ չեմ նայած:
– Սա ձեր առաջին գործն է՞:
– Ո՛չ, երկրորդ: Առաջինը, տարիներ առաջ ընկերոջս հետ բացի, սակայն ձգեցի եւ Հայաստանէն ժամանակաւորապէս հեռացայ: Ընտանիքով տեղափոխուեցանք Եւրոպա` Հոլանտա: Սակայն հասկցայ, որ Հայաստանէն աւելի լաւ տեղ չկայ, եւ ետ վերադարձանք:
– Ինչը ձեզի ստիպեց Հայաստան վերադառնա՞լ. կարօտը՞:
– Հայաստանի մէջ կեանքն աւելի հեշտ է: Երեխաներն ինքնուրոյն կ’երթան դպրոց եւ կը վերադառնան: Բացի այդ, այստեղ բոլորը հայ են: Մենք այնտեղ պէտք է կորսնցնէինք մեր ինքնութիւնը: Սուրիոյ մէջ այնքան պայքարած ենք, որ հայ մնանք եւ մեր երեխաները հայ մեծնան: Մենք խափուեցանք, մտածելով, որ Հոլանտայի մէջ աւելի լաւ կ’ըլլայ, բայց մեր կեանքն այստեղ շատ աւելի լաւ է:
– Իսկ երբ հիմնեցի՞ք «Թաուկ»-ը:
– «Թաուկ»-ը բացի Հոլանտայէն վերադառնալէս 2 ամիս ետք:
– Ինչ կը նշանակէ՞ «Թաուկ»:
– Թաուկ արաբերէն կը նշանակէ «հաւ»: Հայաստանէն դուրս ասիկա ապրանքանիշ է, եւ շատերը կը ճանչնան: Հաւով շաուրմային շատ նման է, բայց պատրաստման եղանակը տարբեր է: Մեր ճաշարանին մէջ տարբեր տեսակի թաուկներ կան` մեքսիքական, շիշ-թաուկ: Ուրիշ ճաշարաններու մէջ ալ թաուկ կը մատուցեն, բայց ես այստեղ խորովելով կ’ընեմ: Շատ համեղ է` յատկապէս յատուկ սոուսով:
– Ինչ խորհուրդ կու տաք այն մարդո՞ց, որոնք նոյնպէս ցանկութիւն ունին Հայաստանի մէջ գործ հիմնելու:
– Նախ պէտք չէ միանգամէն մեծ գործ բանալ: Պէտք է սկսիլ փոքրէն, եւ յետոյ մտածել գործը մեծցնելու մասին: Երկրորդ` պէտք է շատ համբերատար ըլլալ, որպէսզի կարենաս որեւէ բան ընել: Երրորդ` պէտք է հեռատես ըլլալ:
Լաուրա Սամուէլեան