«Հայաստանը Իմ Տո՛uնս Է, Միակ Տեղը Երկիր Մոլորակին վրայ, Որ Միշտ Ի՛մս Է, Իմ Սրտի՛ս, Իմ Հոգիի՛ս ՄԷջ, Իմ Շրթունքներո՛ւս Վրայ. Քնարիկ Գրիգորեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ Սպանիոյ Մատրիտ քաղաքէն հիւրընկալուած  երիտասարդ` ընդամէնը 23-ամեայ հայրենասէր   հայուհիի` Քնարիկ Գրիգորեանի  հետ, «Հայերն այսօր»ի համար եղած հարցազրոյցի ընթացքին ամէնէն տպաւորիչը թերեւս  Քնարիկի խանդավառութիւնն էր`  ներկայիս  ծաւալած իր  գործունէութեան եւ ապագայի ծրագիրներուն հետ կապուած: Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը  ներկայացնենք այդ հարցազրոյցը:

Քնարի՛կ, ո՞րն է  Մատրիտի մէջ  քու գործունէութեանդ ոլորտը:

-Կ’աշխատիմ  «Մուսիքա էն վենա», թարգմանաբար`«Երաժշտութիւնը երակներու մէջ է» բարեգործական նորաստեղծ  միութեան կազմակերպչական, տեղեկատուական ոլորտին մէջ: Աշխատանքը իմ մասնագիտութեամբ է. ես աւարտած եմ Մատրիտի «Ռեն Խուան Քառլոս» համալսարանի գովազդի եւ թատերական արուեստի բաժինը:

Հայապահպան, ազգանպաստ ի՞նչ գործունէութիւն կ’իրականացնես:

-Ես կ’երգեմ  եկեղեցւոյ երգչախումբին մէջ. տեղի կաթոլիկ եկեղեցին ամսուան մէջ երկու կիրակի կը տրամադրէ մեզի` մեր պատարագը իրականացնելու համար, հայոց լեզու կը սորվեցնեմ հայ երեխաներուն, կը մասնակցիմ հայանպաստ զանազան ձեռնարկներու: Հայկական կիրակնօրեայ  դպրոցը վերջերս  բացուած է, դասերը տեղի կ’ունենան հայկական դեսպանատան շէնքին մէջ:

Քնարի՛կ, քանի՞ աշակերտ ունի դպրոցը, կա՞ն ազգութեամբ ոչ հայեր, որոնք կը յաճախեն այդ  հայկական  դպրոցի դասերուն:

–Առայժմ 45 աշակերտ ունինք, մեծ մասը հայ երեխաներ են. Լաուրա անունով սպանացի  աղջիկ մը կը յաճախէ մեր դասերուն, կան նաեւ խառնամուսնութիւններէ ծնած  երեխաներ, որոնց ծնողներէն մէկը հայ է: Հիմնականին մէջ կը դասաւանդենք հայոց լեզու, կը սորվեցնենք հայոց այբուբենի տառերը, գրել, կարդալ, նկարչութիւն, երգ-պար կը սորվեցնենք,  երեխաներուն քիչ մը կը ծանօթացնենք  մեր  պատմութեան ու աշխարհագրութեան, որովհետեւ անոնք դեռ շատ փոքր են: Երեխաները սիրով, հետաքրքրութեամբ կը յաճախեն  դասերուն: Անոնք Հայաստան տեսնելու  մեծ ցանկութիւն ունին:

Մատրիտ  ապրող  հայ երիտասարդները  կը ճանչնա՞ն իրար, կը շփուի՞ն իրար հետ, աշխո՞յժ են` հայապահպան, հայամէտ աշխատանքներ տանելու գործին մէջ:

-Այո՛, կը շփուին,  ձեռնարկներ կը կազմակերպեն. շատ աշխոյժ երիտասարդներ կան:  Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին առիթով Սպանական մշակոյթի կեդրոնին մէջ մենք ձեռնարկ կազմակերպեցինք եւ ներկայ գտնուող սպանացիներուն    ներկայացուցինք մեր պատմութեան այդ եղերական էջերը, թեմատիկ նկարներ ցուցադրեցինք, հնչեցին Կոմիտասի երգերէն:  Տեղի բոլոր հայերը, բնականաբար, գիտեն Եղեռնի մասին, սակայն ոչ բոլոր սպանացիները  ծանօթ են Հայոց ցեղասպանութեան, ուստի մեր նպատակը օտարներուն ներկայացնելն է զայն: Մենք ատկէ առաջ` դեռեւս Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, 100 թռուցիկ  պատրաստած էինք երկու` անգլերէն եւ սպաներէն  լեզուներով` ներկայացնելով, թէ ինչ  տեղի ունեցած է հայերուն հետ 100 տարի առաջ  եւ փողոցներու մէջ ատոնք  կը բաժնէինք անցորդներուն: Շատ հետաքրքիր միջադէպ տեղի ունեցաւ`  թուրք  աղջկայ մը հանդիպեցանք, որ այնքա՜ն ցաւով կը խօսէր Հայոց ցեղասպանութեան մասին`  տեսակ մը մեղաւոր հայեացքով նայելով մեզի. չեմ կրնար ըսել, թէ ան քանի՜ անգամ ներողութիւն խնդրեց իր ժողովուրդին կողմէ:

Մատրիտ ապրող միւս ազգութիւններուն, համայնքներուն հետ ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ  ձեւաւորուած են:

-Բարի դրացիական. մեր համայնքն այնքան ալ շատոնց  ձեւաւորուած չէ, այն 15-է 20 տարուան պատմութիւն ունի, բայց բարի համբաւ ունի: Ինչ կը վերաբերի սպանացիներուն, անոնք շատ բարեկամաբար տրամադրուած են հայերուն հանդէպ, կը սիրեն հայերուն, հայերն ալ` սպանացիներուն: Անոնք կը սիրեն, երբ դուն, ապրելով իրենց երկրին մէջ, կ’ընդունես, կը գնահատես իրենց սովորոյթները, մշակոյթը, պատմութիւնը, կը սորվիս իրենց լեզուն, անոնք ալ կը յարգեն մեր սովորոյթները,  մեր պատմութիւնը, մեր լեզուն: Հայերուն նման շատ տաք ժողովուրդ են. Ի զուր չեն ըսեր, որ սպանացիներու եւ հայերու միջեւ դարերէն եկող կապ կայ:

Այնտեղ  բնակող ատրպէյճանցիներուն կողմէ չէ՞ք արժանացած հակահայամէտ վերաբերմունքի, գործողութիւններու, սադրանքի:

-Եղած են ինչ-ինչ  նման  քայլեր անոնց կողմէ, սակայն անոնք միշտ կը յայտնուին  կարեւոր, մեծ իրադարձութիւններու ժամանակ: Այս տարուան ձմրան մենք կը մասնակցէինք  զբօսաշրջային  ամէնամեայ  մեծ ցուցահանդէսի, որուն ամէն   կազմակերպութիւն, ներկայացուցիչ մը կը ներկայացնէ իր  երկիրը, զբօսաշրջային վայրերը. Հայաստանի կողքին կը մասնակցէր նաեւ Արցախի զբօսաշրջային ընկերութիւնը: Մեր դեսպանութենէն  նախօրօք  զգուշացուցած էին իրաւապահներուն` խուսափելու  հնարաւոր սադրանքներէ: Եղաւ սադրանքի նախադրեալ` կանգնած էին ատրպէյճանցիներն` իրենց դրօշներով, անոնց շապիկներուն վրայ գրուած էին հակահայ, Արցախին ընդդէմ արտայայտութիւններ:

Հայաստանի մէջ, կարծեմ,  տարիներ առաջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներէն մէկուն  մասնակցած ես…

-Այո՛, մասնակցած եմ   հետաքրքիր ծրագիրի մը` «Հայաստան. ստեղծենք միասին»   խորագիրով  երիտասարդական առաջին հաւաքին: Սիրով կը մասնակցիմ  հայրենիքի մէջ  կազմակերպուող երիտասարդութեան առնչուող որեւէ հետաքրքիր  ձեռնարկի, հաւաքի, դասընթացքի:

Քնարի՛կ,  ի՞նչ է քեզի համար Հայրենիքը:

-14 տարի առաջ  գացած եմ Հայաստանէն, երբ ընդամէնը ինը տարեկան էի…ամէն տարի կու գամ Հայաստան եւ միշտ կը մտածեմ, թէ ինչ կը գրաւէ ինծի այսպէս  ու կը պահէ այստեղ…ու չեմ գտնել պատասխանը: Կը կարծեմ` այդ մտորումներս մէկ պատասխան ունին, որ կը ձեւակերպեմ հէ՛նց  այսօր` Հայաստանը իմ տու՛նս է, իմ ծննդավայրս,  միակ տեղը Երկիր մոլորակին վրայ, որ միշտ ի՛մս է, իմ սրտի՛ս, իմ հոգիի՛ս մէջ, իմ շրթունքներո՛ւս վրայ:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up