Աթաթուրքի Ստորագրութեան Հեղինակը Յակոբ Վահրամ Չերչիյեանն Է

Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր, զօրավար Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի ստորագրութեան հեղինակը ձեռագիրներու մասնագէտ Յակոբ Վահրամ Չերչիյեանը եղած է:
Թրքական «Haberler.com» լրատուական կայքը, ներկայացուցած է Աթաթուրքի ստորագրութեան ստեղծման պատմութիւնը` օգտուելով Յակոբի որդիին` Տիգրան Չերչիյեանի յուշերէն:
Կայքը կը գրէ, որ 1934 թուականին Թուրքիոյ մէջ ազգանուններու մասին օրէնքի ընդունումէն եւ Մուսթաֆա Քեմալին Աթաթուրք ազգանունը տրուելէն յետոյ, խորհրդարանի պատգամաւորները կ´որոշեն վերջինիս գեղեցիկ ստորագրութեան նմուշ մը նուիրել:
Այդ ժամանակ Աթաթուրքի գրագիրը Սթամպուլի շրջաններէն մէկուն ոստիկանապետի միջոցով կը դիմէ Չերչիյեանին:
Վերջինս երկար ժամանակ դասաւանդած էր Ռոպեր քոլեջին մէջ (այսօրուան Սթամպուլի Պողազիչի համալսարան) եւ 1920-ական թուականներուն ԱՄՆ-ի «Palmer Method» դպրոցին մէջ մասնագիտացած էր ձեռագրաբանութեան մէջ:
Չերչիյեան Աթաթուրքի համար ստորագրութեան 5 նմուշ կը գծէ, որոնցմէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիրը կ´ընտրէ նկարին մէջ պատկերուած 5-րդ օրինակը, կը գրէ Ermenihaber.am-ը: