Վարագավանքի Քարերէն Թուրքիոյ ՄԷջ Մզկիթ Կը Կառուցեն
Վանի հայկական Վարագավանք եկեղեցւոյ քարերը կը կիրառուին մզկիթի շինարարութեան համար:
Այս մասին կը փոխանցէ Yeniozgurpolitika-ն:
«Եկեղեցին պարբերաբար կ´աւերեն` ատոր քարերը մզկիթի, յարակից գիւղերուն մէջ տուներու, ինչպէս նաեւ այլ կառոյցներու շինարարութեան համար օգտագործելու նպատակով: Տաճարը ոչնչացման եզրին է»,-Արցախփրէսի փոխանցմամբ` տեղի ԶԼՄ-ներուն յայտնած է Վանի մշակութային յուշարձաններու պաշտպանութեան միութեան ղեկավար Ալի Գալչէկը:
Ներկայիս հայկական եկեղեցւոյ մէջ կ´իրականացուին տեղացի երեխաներու համար Ղուրանի ուսումնասիրման դասընթացներ:
Վարագավանքը կառուցուած է մ.թ 7-8 դարերուն: Տաճարը լրջօրէն վնասուած էր 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ: Աւելի ուշ Թուրքիոյ հայերու ջանքերով եկեղեցին վերականգնուած էր: