«Արի Տուն» Ծրագիրի` Հայրենիքի ՄԷջ Ապրիլ, Սորվիլ Եւ Արարել Ցանկացող Երեխաները. լուսանկարներ

«Ով չի սիրեր իր երկիրը, ոչինչ սիրել չի կրնար»
Ճորճ Պայրոն
Յուլիս 25-ին Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան դպրոցին մէջ մեկնարկեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2017» ծրագիրի 6-րդ փուլի Հայոց լեզուի ուսուցման դասընթացքը: Այս փուլին մասնակցեցաւ 90 պատանի եւ աղջիկ` Պելճիգայէն, Ռուսաստանէն, ԱՄՆ-էն, Սպանիայէն, Շուէտէն, Ապխազիայէն, Յորդանանէն,Վրաստանէն, Լիբանանէն: ՀՀ սփիւռքի նախարարութենէն դասընթացքի բացման ներկայ էին Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջիւմեան, նոյն վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան, ծրագիրի պատասխանատուներէն Աստղիկ Ասատրեան:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, առանձնացուած խումբերուն մէջ տարբեր աշխատանքներ կը տարուէին` սկսած տառերու ուսուցումէն մինչեւ հայրենագիտական գիտելիքներու խորացում:
Հայոց լեզուի ուսուցման դասընթացքի փակման օրը Եղիշէ Չարենցի անուան թիւ 67 դպրոցի փոխտնօրէն Օլեգ Տիտարենկոն հրաժեշտի խօսքին մէջ արիտունցիներուն մաղթեց հայու տոկոնութիւն եւ բարի երթ: Յաջորդիւ խումբերէն իւրաքանչիւրը հանդէս եկաւ գրական-գեղարուեստական տարբեր համարներով, բովանդակալից պաստառներով, որոնք ինքնատիպ անդրադարձ էին մեր աւանդոյթներուն եւ խորհրդանիշերուն:
Մոսկուայի «Վերածնունդ» հայկական դպրոցի տնօրէն Շողիկ Փահլեւանեան առանձնացուց եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Ռուսաստանէն ժամանած իր սաներուն` իմաստասիրական եւ ազգագրական խորութիւն ունեցող պաստառի համար, որ կ’արտացոլէր հեթանոսական խորհրդակարգի առիւծակերպ արեւի խորհրդանիշը` Միհր աստուծոյ, եւ երեխաներու անձնանունները կրող արեւի ճառագայթները` որպէս հեռուէն հայրենիքը ջերմացնող լուսատուներ: Ուսուցչուհի Լուսինէ Հայրիյեանի սաներն իրենց պաստառի հիմքին պատկերած էին Հայաստանի Հանրապետութեան քարտէզը, որուն ներսը եւ չորսբոլորը` հեթանոսական ու քրիստոնէական խորդանիշերը, որոնք կը ներկայացնէին նախաքրիստոնէական եւ քրիստոնէական պատմամշակութային շրջափուլերը: Միւս խումբերու (ուսուցիչներ` Այտա Օհանեան, Նարինէ Գէորգեան, Սերա Շահինեան, Գայեանէ Բաբլոյեան եւ Մաքրուհի Գէորգեան) սաներու պաստառները եւս կ’առանձնանային Հայաստան բնութագրող խորհրդանիշ-պատկերներով:
Սոյն փուլը նշանաւորուեցաւ հայրենիքի մէջ ապրելով, սորվելով եւ արարելով ցանկացող երեխաներու մեծաքանակութեամբ: Ինչպէս Ցիցերոնը ըսած է . «Հայրենիքէն դուրս երջանկութիւն չկայ, թող իւրաքանչիւր մարդ արմատներ դնէ հարազատ հողին մէջ»: