«Հալէպը Միշտ Կը Մնայ Որպէս Բաբախող Սիրտ Մը…». Գէորգ Ապահունի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/07/Աբահունի.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ Սուրիայէն հիւրընկալուած «Գանձասար» շաբաթաթերթի վարչական պատասխանատու Գէորգ Ապահունիի հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը: Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնենք այդ հարցազրոյցը:
-Պարո՛ն Ապահունի, քաջածանօթ ըլլալով երկարամեայ շաբաթաթերթին` այնուամենայնիւ, պէտք է խնդրեմ, որ Դուք աւելի մանրամասն ներկայացնէք 25-ամեայ շաբաթաթերթի ծաւալած գործունէութիւնը:
-Շաբաթաթերթն անընդմէջ կը գործէ շուրջ 25 տարի. միակ հայատառ լրատուամիջոցն է Սուրիոյ մէջ, այն Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնաթերթն է: Շաբաթաթերթին մէջ կը տպագրուին բազմաբնոյթ բովանդակալից նիւթեր: Լեզուն միայն արեւմտահայերէնն է: Գլխաւոր առաքելութիւնը հայապահպանութիւնն է, նոր սերունդին իր արմատներուն ծանօթացնելն ու մօտ պահելը:
-Դուք վարչական պատասխանատուն էք. ի՞նչ է շաբաթաթերթին մէջ Ձեր աշխատանքի բաժինը:
-Մենք բոլորս միասին կ’աշխատինք, համախմբուած, պատասխանատուութեան մեծ զգացումով ու նուիրումով. անգամ սուրիական պատերազմի ամենածանր տարիներուն թերթը որեւէ օր չդադրեցուց իր աշխատանքը. տեղէ տեղ կը տեղափոխուէինք, փնտռելով անվտանգ տարածք` աշխատելու համար, եւ շաբաթաթերթը լոյս կը տեսնէր: Մեր խմբագրակազմը մօտաւորապէս 12 հոգիէ բաղկացած է, գլխաւոր խմբագիրը Զարմիկ Պօղիկեանն է, որ շատ գնահատելի, մեծ աշխատանք կը կատարէ եւ բովանդակալից նիւթեր կը գրէ: Ան վերջերս պարգեւատրուեցաւ ՀՀ կառավարութեան եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ:
–Ըսիք, որ մշակութային նիւթեր նաեւ կը զետեղէք. ո՞ր լուրերը շատ են` քաղաքակա՞ն, մշակութայի՞ն, եւ ո՞ր երկիրներու մշակութային լուրերուն կ’անդրադառնաք:
-Մշակութային լուրերը շատ են եւ հիմնականին մէջ կ’ընդգրկեն Սուրիոյ ու Հայաստանի մշակութային անցուդարձը: Ունինք նաեւ Արցախին նուիրուած առանձին բաժին, ուր պարբերաբար կը զետեղուին Արցախի ազատագրական պայքարի մասին պատմող նիւթեր:
-Պարո՛ն Ապահունի, Գանձասարն Արցախի մէջ է, դուք` Սուրիոյ. ինչու՞ շաբաթերթը կոչուեցաւ հէ՛նց «Գանձասար», ինչ-որ յատուկ նախապայմա՞ն կար …
-Յատուկ առիթ, նախապայման չկար, ուղղակի ցանկութիւն կար հայկական պատմական վանքի մը անունով կոչել շաբաթաթերթը: Վերջերս այցելեցինք Արցախ, ուր մասնակցեցանք Գանձասարի 777-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին: Ես այս անգամ առաջին անգամ այցելեցի նաեւ Տաթեւի վանք. Հայաստանի շատ եկեղեցիներ այցելած եմ, սակայն Տաթեւն ամէնէն տպաւորիչն է, լաւագոյնն է իր տեսքով, խորհրդաւորութեամբ, աշխարհագրական դիրքով:
-Կրնա՞ք համագործակցիլ հայաստանեան մամուլի, զանազան լրատուամիջոցներու հետ:
-Ոչ այնքան, որովհետեւ հաղորդակցութեան միջոցներն այնքան ալ դիւրին չեն. մենք ունինք նաեւ մեր ելեկտրոնային կայքը, որ կրնան կարդալ աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ ապրող մեր հայրենակիցները:
-Հիւ՞ր էք , թէ՞ գործնական այցով եկած էք Հայրենիք:
-Իբրեւ հիւր եկած էի, պէտք է մասնակցէի մեր Հրանդ Մարգարեանի հոլովակի ձեռնարկին, նաեւ այցելութիւն ունենայի Սփիւռքի նախարարին հետ. պատեհ առիթ ներկայացաւ այսօր մասնակցելու «Արի տուն» ծրագիրի հերթական փուլի բացման արարողութեան, որմէ հրաշալի տպաւորութիւններ ստացայ:
-Պարո՛ն Ապահունի, սովորաբար, իմ հարցազրոյցներուս աւարտին ես հիւրերէս կ’ակնկալեմ լսել ` Ի՞նչ է Ձեզի համար Հայաստանը` արդէն 7 տարի անընդմէջ տրուող աւանդական հարցիս պատասխանը, սակայն այսօր բացառութիւն կ’ընեմ եւ կը հարցնեմ` ի՞նչ է Ձեզի համար Հալէպը, ո՞վ է հալէպցին, սուրիահայը…
-Հալէպը ծննդավայր է, Հալէպ ապրած մարդը ուրիշ տեղ շատ դժուարութեամբ կը յարմարի: Հալէպը հայերու հոգեւոր ու ազգային հարուստ կեդրոններէն մէկն է. աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ կը հանդիպիս կարեւոր աշխատանք զբաղեցնող մէկուն ու կ’իմանաս, որ ան Հալէպի հայ է, սուրիահայ: Մենք Քարէն-Եփփէ ճեմարան ունինք, որուն շրջանաւարտները սփռուած են Սփիւռքի ողջ տարածքին մէջ եւ իրենց ստացած հայեցի կրթութեամբ, ազգաին ոգով ու դաստիարակութեամբ, բարձր գիտելիքներով գլխաւոր պաշտօններ կը զբաղեցնեն: Հալէպը դարբնոց է` մտքի ու հայրենասիրութեան: Յարաբերական դադար է, պատերազմական գործողութիւնները կարծես թէ դադրած են, խաղաղութիւն կը տիրէ, հալէպցիները, հալէպահայերը, ծիծեռնակներու նման, իրենց բոյնը կը վերադառնան, կը նորոգեն իրենց տուները…երկար ժամանակ հարկաւոր է, որպէսզի Հալէպն իր նախկին տեսքը ստանայ: Հալէպը միշտ կը մնայ որպէս բաբախող սիրտ մը:
Զրուցեց Կարինէ Աւագեան