Արժանթինահայ Համայնքէն Ներս Կը Շարունակուի «Դուն Ի՞նչ Կ´ընես Արցախի Համար» Համահայկական Շարժման Նուիրուած Համերգարշաւը
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»–ը, ՀԲԸՄ-ի Արժանթինի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ինչ կ´ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման ծիրէն ներս օգոստոս 10-ին արժանթինական Սալթա քաղաքի Պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի մասնակցութեամբ խաղաղութեան կոչով համերգ պիտի կայանայ: Նուագախումբին հետ կատարումներով հանդէս պիտի գայ տուտուկահար Սարօ Դանիէլեան, որուն միջոցով ալ կազմակերպուած է բարեգործական համերգը:
Գոյացած ողջ հասոյթը պիտի ուղղուի Արցախի երաժշտական դպրոցներուն համար երաժշտական գործիքներ գնելուն:
Համերգները, որոնց նպատակը նաեւ Արցախը օտարազգիներու մօտ ճանաչելի դարձնելն է, արդէն կայացած են Արժանթինի շարք մը քաղաքներու մէջ: Համերգներու գեղարուեստական ղեկավար նշանակուած է արժանթինաբնակ երաժիշտ, ՀԲԸՄ-ի Արժանթինի մասնաճիւղի պատուաւոր անդամ Գագիկ Գասպարեան, իսկ ընդհանուր պատասխանատու` ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչութեան պատուաւոր անդամ, ՀԲԸՄ-ի Արժանթինի մասնաճիւղի փոխատենապետ Անթոնիօ Սարաֆեան:
Աւելցնենք, որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ իրականացուող ձեռնարկները պիտի ամփոփուին Հայաստանի մէջ ` սեպտեմբեր ամսուն: