«100 Գաղափար Հայաստանի Համար» Հանրապետական Մրցոյթը Այս Տարի Կը Դառնայ Համահայկական
ՀՀ մարմնամարզութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան կողմէ իրականացուող «100 գաղափար Հայաստանի համար» հանրապետական մրցոյթն այս տարի կը դառնայ համահայկական` Սփիւռքի երիտասարդներուն եւս հնարաւորութիւն տալով իրենց գաղափարները ներկայացնել ի նպաստ հայրենիքի զարգացման:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն, ՀՀ մարմնամարզութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ քննարկում` այս տարուան մրցոյթի անուանակարգերը հաստատելու եւ իրականացման ժամկէտները յստակեցնելու համար: Քննարկման նախարարի տեղակալ, «100 գաղափար Հայաստանի համար» երիտասարդական մրցոյթի կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Արսէն Քարամեան նշեց, որ անցած տարի առաջին անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իրականացուած մրցոյթի սահմանները կարելի է ընդլայնել. «Սերտօրէն համագործակցելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ` նաեւ մեր աշխարհասփիւռ երիտասարդները ներգրաւելու, անոնց գաղափարները լսելու, ատոնք հանրայնացնելու հնարաւորութիւն կ’ընձեռենք: Մրցոյթի անուանակարգերու քննարկումն ու վերջնական հաստատումը կարեւոր են` հաշուի առնելով նախորդ տարուան փորձը»:
Արսէն Քարամեանի խօսքով` այսօր առաջնահերթ նպատակն է զարգացնել երիտասարդներու նորարարական մտածողութիւնը, անոնց ներգրաւել երկրի ընկերային-տնտեսական խնդիրներու լուծման գործընթացներուն մէջ, խթանել գիտատեխնիկական մշակումները. «Պէտք է գաղափարական բարեփոխումներ կատարենք, որպէսզի մեր վաղուան օրը ըլլայ աւելի լաւը: Բարեփոխումներու իրականացման գործին մէջ մշտապէս առաջնահերթ է երիտասարդներու ներգրաւուածութիւնը»,- նշեց նախարարի տեղակալը:
Երիտասարդական մրցոյթի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները որոշեցին յառաջիկայ օրերուն ընթացքին վերջնականապէս յստակեցնել նոր, արդէն համահայկական դարձած մրցոյթի կանոնակարգը, մասնակցութեան պայմանները, անուանակարգերը, ինչպէս նաեւ իրականացման ժամկէտները: