Աւարտեցաւ «Արի Տուն» Ծրագիրի Եւս Մէկ Փուլ
Յուլիս 28-ին Աղաւնաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի հինգերորդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, նախարարութեան աշխատակիցներ, հիւրեր:
Ողջունելով արիտունցիները` Ֆիրդուս Զաքարեան փոխանցեց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ջերմագին խօսքերը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Սիրելի՛ պատանիներ եւ աղջիկներ, ուրախ եմ ողջունել ձեզ Հայրենիքում: Հաւատում եմ, որ այս օրերը ուրախ ու բովանդակալից են անցել, եւ այսուհետ ձեր կապը Հայրենիքի հետ աւելի կը սերտանայ Հաւատում եմ, որ մեծանալու էք որպէս հպարտ հայեր, պահպանելու էք մեր ազգի պատիւը, լաւ էք սովորելու: Հաւատում եմ, որ Հայաստանում էք թողնելու ձեր սրտի մի մասնիկը եւ անընդհատ վերադառնալու էք»:
Արիտունցիները հանդէս եկան համերգային ծրագիրով, որ պատրաստած էին ճամբարային օրերուն ընթացքին, երգեցին ու պարեցին խարոյկին շուրջ:
Ծրագիրի 5-րդ փուլին կը մասնակցի 190 սփիւռքահայ պատանի ու աղջիկ աշխարհի 17 երկրէ` Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Պելառուսէն, Թուրքմէնստանէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն, Լիբանանէն, Քուէյթէն, Սուրիայէն, ԱՄՆ-էն, Արժանթինէն, Ֆրանսայէն, Սպանիայէն, Պելճիգայէն, Իտալիայէն, Լեհաստանէն եւ Աւստրիայէն: