«Արի Տուն» 2016-ի Մեկնարկին Ընդառաջ` Տեղի Ունեցաւ Հայոց Լեզուի Դասընթացներու Կազմակերպման Վերաբերեալ Քննարկում

Յունիս 1-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան մէջ տեղի ունեցաւ քննարկում «Արի տուն» 2016թ. հայրենաճանաչութեան ծրագիրի ուսուցիչներուն հետ:

 Օրակարգին մէջ հայոց լեզուի հնգօրեայ ուսուցման եւ հայրենագիտութեան` ճամբարային դասընթացներու կազմակերպման խնդիրներն էին:

 Վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեան ներկայացուց ծրագիրին մասնակցող սփիւռքահայ երիտասարդներուն համար լեզուի ուսուցման խնդիրները:

 Հայոց լեզուի ուսուցիչներն ալ իրենց հերթին  հաստատման ներկայացուցին անցնող տարիներու փորձի եւ ծրագիրի մասնակիցներու առաջարկութիւններու հիման վրայ մշակուած ծրագիրները

Scroll Up