«Նոեւ Կովչեգ» Հայկական Ազգամշակութային Ինքնավարութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/07/ռոստով.jpg)
Յուլիս 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ռոստովի մարզի Վոլկատոնսկի «Նոեւ Կովչեգ» հայկական ազգամշակութային ինքնավարութեան խորհուրդի նախագահ Սասուն Սարգսեանը, խորհուրդի անդամ Սասուն Յովհաննիսեանը:
Նախարարը հետաքրքրուեցաւ համայնքի նորութիւններով եւ յաջողութիւններով, ծանօթացաւ խնդիրներուն: Քննարկուեցան Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման, երիտասարդներու հայեցի կրթութեան անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքի նախարարութեան հետ գործակցութեան աշխուժացման: Նախարարը համայնքի ներկայացուցիչներուն հրաւիրեց մասնակցելու «Հայաստան-Սփիւռք» համահայկական 6-րդ համաժողովին:
Սասուն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպման համար, նշեց, որ կազմակերպութեան հիմնական նպատակն է Վոլկատոնսկ քաղաքի եւ Վոլկատոնսկի շրջանի հայերու համախմբումը եւ հայ ազգային ինքնութեան պահպանումը: «Կ’աջակցինք հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցման, կ’ամրապնդենք կապերը Հայաստանի եւ Արցախի հետ, ինչպէս նաեւ` ՌԴ-ի այլ քաղաքներուն մէջ գործող հայկական համայնքներուն հետ, համաժողովներ, գիտաժողովներ, դասախօսութիւններ կը կազմակերպենք: Այժմ զբաղուած ենք եկեղեցւոյ կառուցման հետ կապուած խնդիրներու լուծմամբ: Համոզուած ենք, որ եկեղեցին ալ աւելի կը համախմբէ համայնքը, կը նպաստէ հայապահպանութեան», – աւելցուց ան: